2016-08-29 14:31:00

Կոմիտասին նուիրուած ձեռնարկ Իտալիոյ մԷջ


Օգոստոս 27-ին Իտալիոյ Ցեսենա քաղաքի «Madonna del Monte» սրբավայրին մէջ տեղի ունեցած է Կոմիտասին նուիրուած յուշ երեկոյ, որուն ծիրէն ներս, Իտալիոյ հայ համայնքի աշխոյժ գործիչ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Իտալիոյ տեղական մարմնի ղեկավար, փրոֆէսոր Պայքար Սվազլեան հանդէս  եկած է բանախօսութեամբ: Բանախօսութենէն ետք  իտալացի երաժիշտները նուագած են հայկական տուտուկ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Իտալիոյ հայ համայնքէն:

Ձեռնարկը տեղի  ունեցած է սրբավայրի ներքին քառանկիւնին մէջ, որ հազուադէպ առիթներով միայն կը բացուի աշխարհիկ մարդոց համար:

Չնայած Իտալիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին, իտալական մամուլը տարբեր հրապարակումներով անդրադարձած է այս կարեւոր ձեռնարկին:








All the contents on this site are copyrighted ©.