2016-08-27 09:21:00

Վանականութիւն (Թ)


Նիւթական բարիքներու մատակարարումը

Գրիգոր Լուսաւորիչի վերագրուած “Յաճախապատում Ճառերը” կ’անդրադառնան վանքերու մատակարարներուն, որոնք տնտես են ոչ միայն վանականներու այլ նաեւ հիւրերու եւ օտարականներու։ Այնտեղ կը կարդանք՝ “Տնտեսը պէտք է ինքզինք համարի Աստուծոյ մատակարարը. ահով եւ երկիւղով պէտք է տնտեսէ հաւատացեալներուն՝ Աստուծոյ աւանդներով. եւ պարտաւոր է զգուշացնել զանոնք, որ ծուլութեան հետեւանքով չկորսնցնեն իրենց մարմինները, եւ կամ զայն արհամարհելով՝ անկէ դուրս իյնան. նաեւ որ անփոյթ չըլլան աւանդներու նկատմամբ՝ յաճախ տարուելով Աստծոյ ոչ հաճելի զբաղմունքներով. եւ զգուշացնէ նաեւ՝ որ պիտի կրեն Տիրոջ դատաստանը, եթէ մտքէն հանեն Անոր խորհուրդներն ու գործերը: Որովհետեւ ամէն ինչ Աստուծմէ պարգեւուած է՝ եղբայրութեան բարօրութեան համար: Ան պէտք չէ հեղգանայ գործելու ժամանակ՝ եւ կամ բաշխէ անհաւասար կերպով. այլ ամէն ինչի մէջ աչքի առջեւ ունենայ Աստուծոյ զօրութիւնը՝ եւ ստուգապէս մատակարարէ Աստուծոյ ահով եւ վերակացուի հրամանով: Արթուն եւ զգաստ պէտք է ըլլայ որեւէ սպասաւորութիւն կատարելու ժամանկ՝ դարմանումները ընելով ըստ կարիքներու: Հիւանդ ծերերուն, տկարներուն, ճանապարհորդներուն, վաստակեալներուն. նաեւ վնասուածներու կարգ համարուողներուն՝ ըստ արժանիքներու ընէ մատակարարումները, անհատապէս՝ ըստ Աստուծոյ: Ո՛չ աչառութեամբ եւ կամ կռուելով՝ որպէսզի չզրկուի հատուցման վարձքերէն. այլ ինչպէս մայր՝ գութով ըլլայ բոլորին հանդէպ, որպէսզի կարողանայ ստանալ վարձքը ամենակալ Հօրմէ. «Եկէ՛ք իմ Հօր օրհնեալները՝ ժառանգեցէ՛ք արքայութիւնը. որովհետեւ երբ իմ եղբայրներուս տնտեսութիւնն կատարեցիք՝ ի՛նծի համար կատարած եղաք»: Ալ չենք ըսեր որ այդպէս չգործողները պատուհասներու պատիժը՝ անշէջ հուրը պիտի ստանան:

Եւ հիւրերու տեսուչները՝ պէտք չէ անտեսեն կարօտեալները, եւ հիւրերու սնունդը պէտք է լեցնեն զուարթամտութեամբ՝ ըստ իւրաքանչիւրի կարիքին. պէտք չէ՛ աղմկեն խնդրանքներու համար՝ այլ սիրով եւ անխռով ճանապարհեն բոլորը, ըլլայ խօսքերով թէ իրերով: Եւ ոչ մի պատճառով պէտք չէ՛ լուծարեն հիւրերու պահքն ու աղօթքը՝ որ չզրկուին Աստուծոյ վարձքէն. այլեւ աղօթքներու ժամուն պէտք է զգաստացնել բոլոր գործաւորները՝ որ հեղգանալու պատճառով դատաստանի առաջ չկանգնին: Եւ բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ՝ պէտք է կառավարուին վերակացուի հրամաններով. որովհետեւ անոր ամէն մի խօսքը՝ ընդունելի պէտք է ըլլայ բոլորի կողմէն, Տիրոջ կամքով: Եւ ինչ որ տեսուչներու միջոցով կը մատակարարուի՝ վերակացուն պէտք է տեղեակ ըլլայ ինչպէս հարկն է:

Այլեւ ովքեր տեսուչ են հողագործ եզներու, արօտական խաշներու, կաթնտու հօտի եւ բեռնակիր գրաստներու՝ պէտք է բոլորին ուշադիր ըլլան խնամածութեամբ, եւ հաւատարմութեամբ ցոյց տան Աստուծմէ շնորհուած արդիւնքները՝ լիակատար ճշմարտութեամբ, որպէս Աստուծոյ գործավարներ եւ իմաստուն մշակներ. եւ հասած պտուղները պարտ են ժողովել  շտեմարաններու մէջ, եւ այն ինչ որ աւելնայ՝ տան որուն որ անհրաժեշտ է, որպէս պտղաբերութիւն անոնց տարած աշխատանքներուն՝ Տէր Աստուծոյ տան համար. եւ տեսուչները Արարիչէն պիտի ստանան հատուցումները՝ ըստ իւրաքանչիւրի վաստակի. որովհետեւ Ան ծածկաբար կը տեսնէ, եւ Իր անսպառ բարիքներէն պիտի հատուցանէ յայտնապէս՝ Իր այցելութեան օրը: Ով որ Աստուծոյ իմաստութիւններուն թէկուզ սակաւին հաւատարիմ եղած է՝ պիտի վայելէ Անոր բազում բարիքները:

Նոյնպէս որուն որ վստահուած է կենդանիների կաշիները՝ պէտք է իւրաքանչիւրի կօշիկի պէտքը հոգայ առանց հակառակութեան եւ ակնառութեան, նաեւ այլ կաշուեղէն իրերու կարիքները:

Այս բոլորին կը նպաստէ հեզութիւնը՝ թէ՛ պէտքերը խնդրողներուն, եւ թէ՛ խնդրուածը կատարողներուն, նաեւ արժանաւոր սէրն ու խոնարհ սիրտը՝ որպէսզի օրհնութիւններ ժառանգեն:

Նոյնպէս եւ իւրաքնաչիւր մարդ՝ որուն վստահուած է գործել կամ հոգատար ըլլալ եղբայրութեան կարիքներուն համար, պարտաւոր է նաեւ անխարդախ ըլլալ՝ ահով եւ զգաստութեամբ: Պարտաւոր է միշտ աչքի առջեւ ունենալ Աստծուած, եւ երբէք չխուսափիլ ճշմարտութենէն, այլեւ ստուգապէս՝ որպէս Աստուծոյ  մշակ՝ պէտք է ըլլայ անխարդախ ամէն ինչի մէջ: Բոլոր գործավարներու եւ գործակալներու համար՝ պէտք է առաջնահերթ ըլլայ Տիրոջ երկիւղը. եւ երկիւղով հզօրացնեն գործը՝ հոգեխառն յառաջդիմութեամբ օգուտներ շահելու համար. անվեհեր փութով՝ հաւատարիմ մնան մշակութեան գործին. ո՛չ թէ մարդկանց հաճոյ լինելու համար՝ այլ Աստուծոյ, որ կը քննէ սրտերը եւ երիկամները, մտապահելով իւրաքանչիւրի յօժարութիւնը, խօսքն ու գործը:”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.