2016-08-26 10:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալական նամակը Լեհաստանի Եպիսկոպոսներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 27- 31 Յուլիս` Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկու յատուկ նամակներով` մէկը ուղղուած Լեհաստանի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Սթանիզլաւ Կատէչքիի եւ միւսը Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոս կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչին, շնորհակալութիւն յայտնեց Լեհ ազգին իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար, մատնանշելով նաեւ լեհ ժողովուրդին վեհանձն հաւատքին ու անոնց անսասան յոյսին` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ ողբերգութիւններուն։

''Ես խորապէս ազդուած մնացի ձեր հաւատքի կայունութեան ու ձեր ունեցած անսասան յոյսին ի տես, հակառակ դժուարութիւններուն եւ ապրուած ողբերգութիւններուն'' գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը նամակին մէջ մատնանշելով Լեհաստանի այցելութեան ընթացքին կատարած յատկանշական այցելութիւններուն ու Լեհաստանի Մկրտութեան 1050-րդ  յոբելեանին, ինչպէս նաեւ Երիտասարդներու միջազգային հաւաքին։

''Ձեզի կը վստահեցնեմ իմ աղօթքս որպէսզի Լեհաստանի Եկեղեցին շարունակէ քաջութեամբ եւ յարատեւութեամբ ընթանալ, ամէնուն վկայելով Տիրոջ ողորմած սէրը'' գրած է ապա Սրբազան Պապը բոլորին տալով իր հայրական օրհնութիւնը ու խնդրելով որ իրենք եւս աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.