2016-08-26 11:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Քլարիս միաբանութեան մայրապետներուն հետ աղօթեց Երկրաշարժի զոհերուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 25 օգոստոս 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի բնակարանին մէջ հիւրընկալեց  Իտալիոյ Սփելլօ քաղաքի ''Վալլեկլորիայի Սրբուհի Մարիամ'' Քլարիս միաբանութեան քոյրերու 24 հոգիէ բաղկացած խումբ մը, ու անոնց հետ հանդիպման առթիւ անոնց յանձնեց` անցեալ 29 Յունիսին հրապարակուած հայեցողական կեանքին հայող '' Vultum Dei quaerere'' առաքելական սահմանադրութեան օրինակ մը։

Նորին Սրբութիւնը առիթը ունեցաւ զրուցելու իր հիւրերու իւրաքանչիւրին հետ, ապա ժամը 10,20 անց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ գլխաւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին Քլարիսեան միաբանութեան մայրապետներուն հետ միասին աղօթեց Իտալիան հարուածած երկրաշարժի զոհերուն, մինչ սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մատնանշեց երեք բառերու`''հարստութիւն, վկայութիւն եւ յոյս'' որոնք կը կազմեն փակեալ կեանքի առանցքը, ըսաւ Սրբազան Պապը։

Սրբազան արարողութեան աւարտին Քլարիս միաբանութեան քոյրերը առիթը ունեցան այցելելու Սուրբ Պետրոսի պազիլիքան, հուսկ կէսօրուայ ճաշը բաժնեկցեցան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Նշենք թէ Քլարիս միաբանութեան քոյրերու վանքը հիմնուած է 560 թուականին Սուրբ Պենետիկտոսի հետեւորդներու կողմէ ապա 1230-ին Սրբուհի Քիարայի միաբանակիցները զայն վերակարգումի ենթարկած են, ու 1263-ին Ուրպանիոս Դ Քահանայապետը վաւերացուցած է միաբանութեան սահմանադրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.