2016-08-25 12:56:00

Իտալական Քարիթասը 100 հազար եւրօ օգնութիւն կը յատկացնէ աղէտեալներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) 24 օգոստոս 2016-ին կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժի պատճառած զոհերուն ու աւերներուն հետեւանքով Իտալիոյ Քարիթասը 100 հազար Եւրօ յատկացուցած է որպէս աղէտեալներու անմիջական օգնութիւն։

Մինչ զօրակցութեան ցանցը գործի լուծուած է վերապրողներուն օգնութիւններ հասցնելու նպատակով Իտալիոյ Քաղաքացիական Ապահովութեան մարմինը կը շարունակէ փլատակներու տակ փնտռել անյայտ ճակատագրով անձերը։ Երկրաշարժի ցնցումները անյապաղ կը շարունակուին ու մինչեւ այս պահը արձանագրուած են 460 ցնցումներ, իսկ մեռեալներու թիւը դժբախտաբար ժամէ ժամ աճ կ՛արձանագրէ ու հասած է 247-ի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.