2016-08-24 11:27:00

Ռուսիան պիտի շարունակէ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու պաշտպանութեան քաղաքականութիւնը


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի իշխանութեան հարցերով յանձնակատար Քոնսթանթին Տոլկով ընդգծեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ անձամբ Մոսկուայի Քիրիլ պատրիարքի ջանքերուն կարեւորութիւնը:

Ան շեշտեց, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները պաշտպանելու իր քաղաքականութիւնը` նշելով. «Ռուսական օդուժի գործողութիւնները նպաստեցին Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու դիրքերու տկարացման, մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, մարդասիրական կացութեան եւ քրիստոնեաներու կացութեան բարելաւման»:

Տոլկով ընդգծեց, որ Մոսկուա սուրիացիներուն միջեւ կրօնի եւ ազգային հիմամբ խտրութիւն չի դներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը չի քաղաքականացներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.