2016-08-24 11:12:00

Իտալիոյ մէջ հզօր երկրաշարժ, կան բազմաթիւ զոհեր։


(Ռատիօ Վատիկան) 24 օգոստոս 2016-ի առաւօտեան կանուխ ժամը 3.36-ին 6.0 մանյիթուտով ահաւոր երկրաշարժ մը հարուածեց Իտալիոյ կեդրոնական շրջանը` Ռիեթի նահանգի` Աքումոլի քաղաքին մօտ, 4 քմ խորութեան վրայ։ Մէկ ժամ ետք` 4.34-ին Ումպրիա նահանգի շրջանի մէջ արձանագրուեցաւ երկրորդ երկրաշարժի ցնցում մը այս անգամ 5.4 մանյիթուտով։ Երկրաշարժներու ցնցումները զգացուեցան համայն կեդրոնական Իտալիոյ մէջ` Ումպրիա, Լացիօ եւ Մարքէ Մարզերու մէջ, ներառեալ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ­, եւ նախնական տուեալներուն  համաձայն կան բազմաթիւ մեռեալներ ու  վիրաւորներ, որոնց թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ, ինչպէս նաեւ կան ահաւոր քանդում եւ աւերներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.