2016-08-24 15:31:00

Իտալիոյ մէջ երկրաշարժ։ Վատիկանէն վեց հրշէջներ մեկնած են աղէտի վայր։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ տեղեկացուց թէ ''որպէս Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութեան արտայայտութիւն երկրաշարժի թիրախ անձերուն, Վատիկանի վեց հոգիէ բաղկացած հրշէջներու խումբ մը` այսօր առաւօտեան մեկնեցան աղէտի վայր` Ամաթրիչէ։ Խումբը պիտի համագործակցի Իտալիոյ քաղաքացիական ապահովութեան ուժերուն հետ, զոհերու օգնութիւն մատուցելու եւ փնտռելու վերապրողները։








All the contents on this site are copyrighted ©.