2016-08-23 09:14:00

Վրաստանի մէջ կանխուած է դէպի Հայաստան երկարող կազատարի պայթեցման փորձը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները խափանած են Սաքուրամ գիւղի մօտակայքը Ռուսիայէն Հայաստան երկարող կազատարի պայթեցման փորձ մը:  Ձերբակալուած են եօթը անձեր, որոնց կարգին է Փոթի քաղաքի պարեկային ոստիկանութեան աշխատակից Լեւան Մամպորիան:

«Քրուզիա Անլայն» կը հաղորդէ, որ ձերբակալուածները կը մեղադրուին ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու յանցանքով: Լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման ընթացքին Վրաստանի անվտանգութեան ծառայութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ ձերբակալուածները կը ծրագրէին պայթեցնել կազատարը։ Ահաբեկչական գործողութեան նախապատրաստման մեղադրանքով ձերբակալուած են Վրաստանի հինգ քաղաքացիներ՝ Պեքա Պ.ն, Վլատիմիր Ռ.ն, Մինտիա Ռ.ն, æապա Մ.ն եւ Նուրի Չ.նե

Պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու փաստով ձերբակալուած է պարեկային ոստիկանութեան գործող աշխատակից Լեւան Մ.ն, իսկ յանցագործութեան մասին տեղեկութիւններ ունենալու եւ չիրազեկելու համար՝ քաղաքացի Իրակլի Բ.ն:

Յանցագործ խումբի անդամները 20 Օգոստոսին մեկնած են Ժինվալի–Շատիլի մայրուղիին մերձակայ անտառը՝ հոնկէ պայթուցիկներ ձեռք բերելու համար: Սակայն զանոնք առնելու պահուն ձերբակալուած են: Գրաւուած է 4 միաւոր 200 կրամ կշռող թրոթիլ, պայթուցիկի պատրաստման համար նախատեսուած երկու լար, 5 միաւոր քափսուլ–տեթոնաթորներ եւ այլ պայթուցիկ նիւթեր:

Ձերբակալուածներէն մէկուն տան համակարգիչին մէջ յայտնաբերուած է քարտէզ, որուն վրայ նշուած են այն վայրերը, ուր անոնք կը ծրագրեն կատարել պայթեցումները:

Վրաստանի անվտանգութեան ծառայութեան ներկայացուցիչը նաեւ նշած է, որ խումբի անդամներէն մէկը յաճախ այցելած է Ուքրանիա, սակայն տակաւին տեղեկութիւններ չկան այն մասին, թէ արդեօք խումբը արտերկրէ՞ն կը ղեկավարուի, թէ ոչ: Ան նաեւ հերքած է այն տեղեկութիւնը, թէ խումբի անդամներէն մէկը բարեկամական կապ ունի Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիայի հետ: Հետաքննութիւնը կը վարէ Վրաստանի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան հակահետախուզութեան բաժանմունքը։

Քաղուած Ասպարէզէն 








All the contents on this site are copyrighted ©.