2016-08-23 10:07:00

Ռուսիա առկախած Է Իրանեան ռազմակայանի օգտագործումը


Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերու խորհրդատու Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց. «Իրան բազմաթիւ ջանքեր գործադրեց շրջանի հարցերուն քաղաքական լուծման համար եւ այդ նպատակի իրագործման համար պատրաստ է նոյնիսկ մասնակցելու Սէուտական Արաբիոյ եւ Ամերիկայի մասնակցութեամբ բազմակողմանի ժողովի մը»:

Ան նշեց, որ իրան միշտ կը յուսար, որ կողմերը աշխատանք տանին սուրիական հարցի քաղաքական լուծման համար, սակայն ատիկա, գործնականին մէջ, տեղի չունեցաւ, եւ կառավարութեան ու ընդդիմութեան միջեւ տարակարծութեան քաղաքական լուծում գտնելու փորձերուն լուրջ աջակցութիւն չտրամադրուեցաւ:

«Քաղաքական լուծման ուղին սուրիական տագնապի միակ լուծումն է, եւ պէտք է յարգել Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը», ըսաւ Ապտոլլահեան:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի յայտնեց, որ Ռուսիան դադրեցուցած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական թիրախներ հարուածելու համար իրանեան Համատան ռազմակայանի օգտագործումը:

Ըստ Քասեմիի, ահաբեկչական զինեալներուն օդային հարուածներ հասցնելու նպատակով Համատանի օգտագործումը «ներկայ փուլին աւարտած է»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ իր կարգին յայտարարեց, որ ռուսական օդուժը ապագային դարձեալ պիտի օգտագործէ Համատան ռազմակայանը, «եթէ Սուրիոյ մէջ ռազմադաշտի կացութիւնը ատիկա պահանջէ»:

Քաղուած Ազդակէն 








All the contents on this site are copyrighted ©.