2016-08-23 08:42:00

Ապաշխարութեան խորհուրդով, Քրիստոսի ողորմածութիւնը կ᾿ընդունինք։


(Ռատիօ Վատիկան) 

Սպանացի հռչակաւոր աստուածաբան Հայր Խոզէ Անթոնիօ Ֆորթէա նոր հրապարակումի մը մէջ կը քննարկէ ամօթի երեւոյթը, որ շատեր հեռու կը պահէ խոստովանանքէն։
Ապաշխարութեան խորհուրդով, Քրիստոսի ողորմածութիւնը կ᾿ընդունինք։ Այդ պէտք է մեզ խրախուսէր ամօթը յաղթահարելու. սակայն շատերու մօտ ամօթը պատնէշ մը կը կանգնէ՝ հեռու պահելով զանոնք ներում ընդունելէ։
«Ոմանք կը նախընտրեն հարիւր մղոնի ուխտագնացութիւն մը կատարել քան խոստովանիլ մեղքերը՝ դէմ յանդիման քահանային, որովհետեւ երկիւղ մը կը պատէ զիրենք եւ նուաստացում կը զգան» ըսած է Հայր Ֆորթէա, «ոմանց համար խոստովանիլը պայքար մըն է»։
Ան նախ նշած է, թէ քահանան հայրական կարեկցութեամբ պէտք է մօտենայ խոստովանողներուն, «որոնք իրենց խղճին վրայ բեռ մը կրեն»։
Աստուածաբան Հայրը, կը խրախուսէ հաւատացեալները, ըսելով, թէ շատ մը քաղաքներու մէջ կան բազմաթիւ քահանաներ, որոնք խոստովանողը չեն ճանչնար. հետեւաբար խոստովանողը կը մնայ անանուն եւ պէտք չէ այդ ուժեղ ամօթի զգացումները արգելք ըլլան խոստովանելու։
Վերջապէս ան կ᾿առաջարկէ զանազան գործնական միջոցներ, որոնք կրնան հակառակ ամօթի զգացումի, ապաշխարողին օգնել, որ խոստովանի առանց մեծ դժուարութեան. ինչպէս զ.օ. խոստովանելիքը պատրաստել գրաւոր եւ տալ քահանային որ կարդայ։ Ապա քահանան պէտք է տայ համապատասխան խորհուրդ եւ խրատ, առանց աւելորդ հարցումներ ուղղելու։




 








All the contents on this site are copyrighted ©.