2016-08-23 08:37:00

Հիւսիսային Արաբիոյ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսին կոչը «Չափաւոր» Իսլամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Հիւսիսային Արաբիոյ կաթողիկէ Եպիսկոպոս Քամիլլօ Պալլին կոչ կ᾿ուղղէ չափաւոր իսլամներուն, առաւել քան երբեք յստակեցնելու, թէ իսլամութիւն եւ բռնութիւն պէտք չէ նոյնացուին։ Ըստ Եպիսկոպոսին, «տարածաշրջանի չափաւոր իսլամները պէտք է աւելի յստակ կերպով իրենց ձայնը բարձրացնեն ահաբեկչութեան դէմ։ Անոնք պէտք է լրջօրէն դիրք բռնեն, աւելի արմատական, աւելի յստակ, կատարելով հարցազրոյցներ եւ մամուլի ու քաղաքական բեմի վրայ հանդէս գալով, որպէսզի յստակացնեն՝ թէ իսլամ եւ բռնութիւն պէտք չէ նոյնացնել։»
Հակառակ որ այսպէս կոչուած «չափաւոր» իսլամներ Եպիսկոպոսին այց տուած էին Հայր Ժաք Ամելի սպանութենէն ետք, սակայն ցարդ ոչ մէկ հրապարակային դատապարտում չէ եղած այդ ոճիրին։ Եպիսկոպոսը վախ յայտնած է, թէ ապագային ալ այդպիսի բռնութիւններ երբեք պիտի չդատապարտուին։
Գերապայծառ Պալլին 2011 թուականէն սկսեալ Հիւսիսային Արաբիոյ Առաքելական Փոխանորդն է։ Ան կը մնայ Պահրէյնի մէջ եւ իր իրաւասութեան տակ կը գտնուին նաեւ Քուէյթ, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար։ Ներկայիս ան կը մասնակցի Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում շարժումի 37րդ «Միթինկ»ին, Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.