2016-08-22 15:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ծիսական ազգային 67-րդ շաբթուան մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ Կուպպիօ քաղաքին մէջ  կը նշուի ծիսական ազգային 67-րդ շաբաթը, ունենալով որպէս խորագիր ՝՝ծէսը ՝ողորմածութեան վայր՝՝։ Այս առթիւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամ յղեց Քասթելլանեթէ թեմի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Քլաուտիօ Մանիակոյին, ինչպէս նաեւ  ձեռնարկի  մասնակիցներուն։

Անդրադառնալով ծիսական 67-րդ շաբթուան՝ ՝՝Ծէսը որպէս վայր ողորմածութեան ՝՝ խորագիրին, Կարդինալ Փարոլին յայտնեց, թէ ծիսական որեւէ արարողութեան ընթացքին, մեր հայեացքը հաստատ սեւեռելով խաչեալ Յիսուսին եւ Անոր Ողորմած դիմագիծին վրայ, կ՝ ընկալենք Սուրբ Երրորդութեան Սէրը։  Այս սէրը , տեսանելի է եւ  բացայայտ Յիսուսի ամբողջ կեանքին մէջ։ Յիսուսին մէջ ամէն ինչ խօսուն է Ողորմածութեան մասին ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ,ապա մէջբերելով Սուրբ  Լեւոն մեծ քահանայապետէն հետեւեալ խօսքը ՝՝ինչ որ տեսանելի էր մեր Փրկչին մէջ,  անցաւ սուրբ Խորհուրդներուն մէջ՝՝ յայտնեց, թէ այսպիսի  մերձում մը օժանդակ կը դառնայ հասկնալու բովանդակ ծէսը։ Ծէսը՝ որպէս ընկալուած  ողորմածութեան վայր՝ ուրիշներուն ընծայելու համար։ Ծէսը, որպէս վայր՝  ուր Ապաշխարութեան մեծ խորհուրդը  ներկայ եղաւ, հռչակուեցաւ ,ինչպէս նաեւ  հաղորդուեցաւ ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ու շեշտը դրաւ ապաշխարութեան խորհուրդին վրայ ընդգծել տալով, թէ   Ողորմածութեան պարգեւը, յատուկ կերպով կը ճառագայթէ Ապաշխարութեան Սուրբ խորհուրդին մէջ։ 

Կեդրոնանալով Սուրբ Ապաշխարութեան խոհուրդին վրայ կարդինալ Փարոլին ըսաւ ՝՝Ներում ստացանք ներում շնորհելու  համար։  Մեկնելով սոյն համոզմունքէն պէտք   է  որ ողորմածութեան  վկաները դառնալ  որեւէ  միջավայրի մէջ, յարուցանելով բաղձանք ու ներողամտութեան կարողութիւն։ Այս առումով , պէտք է որ  Ապաշխարութեան խորդհուրդ հասկնալի դառնայ՝  որպէս արտայայտութիւն դուրս ելող եկեղեցւոյ մը,  որպէս դուռ՝ ոչ միայն վերստին մուտք գործելու համար՝ հեռացուած ըլլալու պատճառաւ, այլ որպէս բաց մեկնակէտ դէպի կարեկցութեան պահանջք ունեցող , զանազան արուարձաններուն մէջ գտնուող մարդկութեան։ Ապաշխարութեան խորհուրդին մէջ  տեղի կ՝ունենայ հանդիպում վերաստեղծիչ Աստուծոյ ողորմածութեան հետ  ըսաւ  Ծիրանաւորը  աւեցնելով, թէ  Սուրբ  Ապաշխարութեան Խորհուրդէն դուրս կու գան  նոր այրեր ու կիներ  հռչակելու համար Աւետարանի բարի լուրը ։

Կարդինալ Փարոլին պատգամին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապի մաղթանքը յայտնեց, որ ծիսական  ազգային շաբթուան ընթացքին կատարուած    խորհրդածութիւնները առ աւելիով հասունցնեն  ծէսի հասկացողութիւնը,  որպէս  աղբիւր եւ գագաթ,   ողորմածութեամբ լի ՝ եկեղեցական եւ անհատական  կեանքին։    








All the contents on this site are copyrighted ©.