2016-08-22 16:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը Վալտեզ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 22 օգոստոս 2016-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ  Փարոլին  յանուն  Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիր յղեց  Իտալիոյ Թորրէ Փելլչէ շրջանին մէջ գումարուող Վալտեզ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի մասնակիցներուն, որուն մէջ յայտնեց Նորին Սբրոթեան  եղբայրական ողջոյնները ի նշան  հոգեւոր մօտիկութեան,  ապահովեցուց Ֆրանչիսկոս Պապի  աղօթքը, որպէսզի Աստուած շնորդէ անկեղծ սրտով ընթանալու պարգեւը՝ դէպի կատարեալ միութիւն  , արդիւնաւէտ կերպով Քրիստոսը  վկայելու համար բովանդակ մարդկութեան ,ինչպէս նաեւ շնորհքը միասնաբար ընթանալու դէպի  այր մայրոց ու կիներու,  փոխանցելու համար անոնց՝ Աւետարանի սիրտը։  

Կարդինալ Փարոլին հեռագիրին մէջ յայտնած է Ֆրանչիսկսո Պապի մաղթանքը, որ կաթողիկէներու եւ վալտեզներու միջեւ  տարբերութիւնները արգելք չի հանդիսանան համագործակցութեան նոր ձեւեր գտնելու համար՝ Աւետարանցման ,աղքատներու ծառայութեան, հիւանդներուն , փախստականներուն ինչպէս նաեւ արարչութեան պահպանման շրջագիծէն նես։

Հեռագիրին աւարտին Կարդինալ Փարոլին գրած է  թէ Ֆրանչիսկոս Պապ   Սուրբ Հոգիին օգնութիւնը կը հայցէ,  ապրելու համար հաղորդութեան մէջ,  զոր կը կանխէ որեւէ հակառակութիւն ,  եւ ստանալու  համար  Տիրոջ  ողորմածութիւնն ու խաղաղութիւնը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.