2016-08-22 10:46:00

Փաքիստանի Քրաչի քաղաքի բանտին մէջ մատուռի բացում


(Ռատիօ Վատիկան) Փաքիստանի մէջ արգիլուած է ոչ-իսլամական աղօթավայրերու կառուցում հանրային հողի վրայ. սակայն Փաքիստանի Քարաչի քաղաքի բանտին մէջ բացուած է մատուռ մը քրիստոնեայ բանտարկեալներուն համար։ Այս բացառիկ դիպուած մըն է մեծամասնութեամբ իսլամ Փաքիստանի մէջ, ինչպէս կը տեղեկացնէ Ասիոյ կաթողիկէ մամլոյ գրասենեակը։ Հակառակ որ Փաքիստանի սահմանադրութիւնը պաշտօնապէս կ᾿ապահովէ կրօնքի ազատութիւնը, սակայն ոչ-իսլամ աղօթավայրերու կառուցումը հանրային հողի վրայ չի թոյլատրուիր։ Յիշեալ պարագային կատարուած է բացառութիւն մը։
Մատուռը կառուցուած է բանտի մզկիթէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ։ 4500 բանտարկեալներէն մօտ 100-ը քրիստոնեաներ են։ Կիրակի օրերը 40-50 հաւատացեալներ կը մասնակցին Սուրբ Պատարագին։
Ըստ Open Doors բողոքական կազմակերպութեան, Փաքիստան վեցերորդ տեղը կը գրաւէ այն երկիրներուն, ուր քրիստոնեաներ ամենէն աւելի հալածուած են։ Քրիստոնեաներու կողքին, Փաքիստանի մէջ հալածուած են նաեւ Շիիթներ, Ահմատիներ եւ Հինտուներ։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.