2016-08-22 10:17:00

Հասաքէի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն գոյացաւ


Կիրակի, 21 օգոստոսին, Հասաքէի մէջ ռուսական միջնորդութեամբ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն գոյացաւ պետական պաշտօնական կողմերուն եւ քրտական «Եէ. Փէ. Կէ.» խմբաւորման միջեւ:

Համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէ զինադադարի հաստատում, կիրակի` երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, եւ վիրաւորներու փոխադրում` Գամիշլիի հիւանդանոց:

«ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ քաղաքի ապահովական վիճակի բարելաւում եւ բանակցութիւններու վերսկսում` կողմերուն միջեւ հարցերու լուծման համար։

Քաղուած Ազդակէն 








All the contents on this site are copyrighted ©.