2016-08-22 09:51:00

Եպիսկոպոս Ֆարրըլլ նախագահ Վատիկանի «Աշխարհականներ,Ընտանիք եւ Կեանք» բաժանմունքին


(Ռատիօ Վատիկան)  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Տալլասի Եպիսկոպոս Քեւին Ֆարրըլլ, անուանած է Նախագահ Վատիկանի աշխարհականներու, ընտանիքի եւ կեանքի գրասենեակի։
Խօսելով իր նոր պատասխանատուութեան  մասին, Գերապայծառ Ֆարրըլլ նշած է թէ ամուսնական եւ ընտանիքի կոչումին կարեւորութիւնը ոչ միայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ ապագայի ծուծն է, այլ եւ ողջ ընկերութեան։
Յիշեալ բաժանմունքի հիմնումը, Սուրբ Աթոռի վարչական մարմիններու նորոգութեան ծիրէն ներս կը կատարուի, շեշտելու համար աշխարհականներու դերը 1,2 միլիար հաւատացեալ հաշուող եկեղեցւոյ մէջ։
Եպիսկոպոսը խառն զգացումներով կը բաժնուի իր հօտէն։ Ան տաս տարիներ եղած էր հովիւ Տալլասի եւ պաշտօնավարութեան սկիզբէն արդէն կապուած էր այնտեղի ժողովուրդին։ Այդ շրջանին, ան իր ձայնը լսելի դարձուցած էր վիժումի, մահապատիժի եւ այլ այժմէական հարցերու առընչութեամբ, որոնք կը յուզեն ԱՄՆը։
Իր հրաժեշտի խօսքին մէջ ան յիշած է, թէ «Եպիսկոսպոս մը որեւէ նշանակալի բան չի կրնար ընել առանց հովիւներու, քահանաներու, անձնակազմի եւ պաշտօնեաներուն։ Միասնաբար մենք հասանք շատ մը նպատակներու։»
Եպիսկոպոս Ֆարրըլլ, Տալլասի թեմի եօթներորդ եպիսկոպոսն է, անուանուած Պենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապի կողմէ։ Իր պաշտօնի ստանձնման ժամանակ թեմը ունէր 947000 հաւատացեալներ, մինչ այսօր ան կը հաշուէ 1,3 միլիոն, նաեւ շնորհիւ բազմաթիւ եկուորներու։
Սեպտեմբեր մէկին Սուրբ Աթոռի յիշեալ նոր Բաժանմունքը պաշտօնապէս պիտի սկսի իր աշխատանքը։ Ան կը միացնէ ցարդ գործող «Աշխարհականներու» եւ «Ընտանիքի» Խորհուրդները. «Կեանքի Քահանայապետական Կաճառը» կը շարունակէ գործել առանցին, սակայն ենթակայ է նոր Բաժանմունքին։
Կանոնագիրը, որ հրատարակուած էր յունիս 2016-ին, կը հաստատէր թէ նպատակն է «աշխուժացնել հաւատացեալներու կեանքը եւ առաքելութիւն, ի նպաստ ընտանիքի հովուական խնամքին, եւ անոր առաքելութեան՝ ըստ Աստուծոյ ծրագրին, ինչպէս եւ պաշտպանելու համար մարդկային կեանքը եւ նեցուկ կանգնելու անոր։»
Ֆարրըլլ Եպիսկոպոսը արդէն մօտ օրերէն կը ժամանէ Հռոմ եւ կը սկսի իր հանդիպումները իր քարտուղարին եւ երեք աշխարհական ենթաքարտուղարներու հետ։
Սեպտեմբեր 2ին ան կը կատարէ իր ծննդեան 69րդ տարեդարձը։
Գերապայծառ Ֆարրըլլի օգնական եպիսկոպոսը՝ Կրեկըրի Քելլի, պիտի կառավարէ Տալլասի թեմը, մինչեւ որ Ֆրանչիսկոս Պապ անուանէ նոր եպիսկոպոսը։
Հռոմի մէջ կը պաշտօնավարէ նաեւ Գերապայծառ Ֆարրըլլի եղբայրը՝ Եպիսկոպոս Պրայըն Ֆարրըլլ, իբր քարտուղար Քրիստոնեաներու Միութեան աշխուժացման Քահանայապետական Խորհուրդի։ Առաջին անգամ ըլլալով, երկու եղբայրները կը պաշտօնավարեն միեւնոյն քաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.