2016-08-21 12:34:00

Մարեմեան աղօթք։ "Աստուծոյ ողորմութեան դուռը նեղ է բայց միշտ բաց է" ըսաւ Սրբազան Պապը:


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 օգոստոս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ քաղուած Ղուկասի աւետարանէն (Ղուկ 13, 23) ուր կը պատմուի այն անձի մասին որ Յիսուսին հարոցում կ՛ուղղէ ըսելով. «Քի՞չ են անոնք որոնք պիտի փրկուին» եւ Յիսուսին պատասխանը կ՛ըլլայ~ ջանք թափել  նեղ դռնէն մտնելու։ Այս դուռի պատկերացումով,  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Յիսուս կ՛ուզէ հասկցնել թէ քանակի հարց չէ եւ կարեւոր չէ քանիներ պիտի փրկուին­, կարեւորը այն է որ բոլորը հասկնան թէ ո՞րն է դէպի փրկութիւն տանող ճանապարհը, եւ թէ այդ ճանապարհը կը նախատեսէ դուռէ մը անցքը եւ այդ դուռը նոյնինքն Յիսուսն է։ Ինքն է որ մեզ կ՛առաջնորդէ Հօր հետ հաղորդութեան, ուր կը գտնենք սէր, հասկացողութիւն եւ պաշտպանութիւն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հարց տուաւ ինչու՞ այդ դուռը նեղ է, ապա պատասխանեց. նեղ է որովհետեւ մեզմէ կը խնդրէ մեր հպարտութիւնը զսպենք, որպէսզի հեզ սրտով  բացուինք Անոր, մենք զմեզ ճանչնալով որպէս մեղաւոր ու ներումի տենչ ունեցող։ Աստուծոյ  ողորմութեան դուռը նեղ է սակայն միշտ բաց է բոլորին դիմաց, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետ հաստատելով թէ Աստուած նախընտրութիւն չունի, Ան ամէնքը կ՛ընկալէ  եւ Անոր պարգեւած փրկութիւնը ողորմութեան յարատեւ զեղում է` որ կը տապալէ ամէն պատնէշ ու մեր դիմաց կը բանայ լոյսի ու  խաղաղութեան հեռանկարներ։

Յիսուս ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը մեզի կ՛ուղղէ հրատապ հրաւէր մը իրեն երթալու ու մտնելու լիակատար կեանքի դռնէն։ Ան կը սպասէ մեզմէ ամէն մին, որեւէ մեղք ալ գործած ըլլանք, որպէսզի մեզ ողջագուրէ ու մեզի նուիրէ իր ներումը։ Արդարեւ Ան միայն կարող է մեր սրտերը բարեփոխել ու այդ բարեփոխումով մեր կեանքը կը լուսաւորուի Սուրբ Հոգիի լոյսով որ է անյապաղ լոյս։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ Տէրը մեզի կը պարգեւէ փրկութեան բազմաթիւ առիթներ ու թէ հարկաւոր է օգտագործել զանոնք որովհետեւ կրնայ պատահիլ որ Տանտէրը որոշէ այդ դուռը փակել որովհետեւ մեր կեանքը «վիտէօ խաղ» չէ այլ լուրջ է­, եւ ունի նպատակակէտ մը` յաւիտենական փրկութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցեց որպէսզի օգնէ մեզի նշմարելու Տիրոջ մեզի շնորհած փրկութեան առիթները ու թոյլ տալու որ սէրը մեզ ներգրաւէ որովհետեւ սէրն է որ կը փրկէ ըսաւ Ան ապա արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն աւարտին ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն յատկապէս վերյիշելով Թուրքիոյ մէջ իրականացուած ահաբեկչական արարքը ու անոր պատճառած բազմաթիւ զոհերը որոնց համար Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթել, դատապարտելով այդ անմարդկային ոճիրը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ողջունեց հրապարակը համախմբուած զանազան խումբերը ապա բոլորին տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.