2016-08-20 13:02:00

Սէր եւ Ծառայութիւն (Ը)


Յովհաննէս Մանդակունի Կաթողիկոսը նկարագրելով կրօնաւորներու ճգնազգեաց կեանքը կու տայ հետեւեալ տեղեկութիւնները։

«Պահքով նաեւ առաջին հայրերը առաքինացան եւ անմարմին հրեշտակներու վարքը մարմնի մէջ ցոյց տուին. երկրի վրայ մեռցուցին երկրաւոր ցանկութիւնները եւ երկնքի մէջ կենդանացուցին իրենց հոգիները, մերժեցին անցողական հաճոյքները, որպէսզի ընդունին անանցանելի բարիքները, հեռացան տունէ եւ ստացուածքներէ, չարչարուեցան բազում նեղութիւններով եւ չարչարուելով՝ ամբողջովին մեռցուցին իրենց անձերը անօթութեամբ, ծարաւով եւ նուաստ հագուստներով։ Անոնցմէ շատերը բաւականացան խոտեղէն կերակուրներով, ոմանք ալ միայն միրգ ուտելով անցուցին իրենց կեանքը։ Ոմանք միայն ծառերու ծայրերը եւ բոյսերու արմատները կʼուտէին, ոմանք սակաւ հունտերով ժուժկալ կը մնային, ոմանք՝ ժամանակ առ ժամանակ երեք նուկի հացով, ոմանք՝ նկանակի քառորդով, եւ ուրիշները՝ մէկ վեցերորդ մասով, ոմանք ցորենի թեփը իրենց կերակուր ըրին, ոմանք խոզերու ուտելիքներով՝ եղջիւրենիի պտուղով կը դադրեցնէին քաղցի պատճառած նեղութիւնը։ Ոմանք օրուան հոգեւոր կերակուրներու հաղորդութիւնը բաւական կը համարէին մարմնի կարիքներուն համար, եւ ուրիշ կերակուրներու վայելքը ամբողջովին մերժուած էր անոնց կողմէ։ Ոմանք ժամանակ առ ժամանակ կը ճաշակէին, ոմանք՝ երկու, ոմանք ալ՝ երեք օրը անգամ մը, ոմանք եօթ օր մէյմը, եւ առաւել եւս, կը յիշէին կերակուրի անհրաժեշտութիւնը եւ կշիռքով կը ճաշակէին, նաեւ ջուրը չափով կը խմէին։ Անդադար հեծութեամբ կʼաղօթէին եւ ծառայութիւնը կը կատարէին, ամբողջ գիշերը արտասուքով եւ ողբով կʼանցընէին եւ ողբալի խնդրուածքներով եւ հառաչանքներով կը հաշտեցնէին Աստուած։ Ոմանք պարաններու վրայ կը քնանային, ոմանք ոտքի վրայ մինչեւ առաւօտ ձեռքերը վեր բարձրացուցած կը պահէին, ոմանք, իրենց պարանոցը խոնարհեցուցած, մինչեւ լուսնալը ժուժկալ կը մնային, ոմանք հարիւրաւոր աղօթքներ կʼընդօրինակէին։ Ոման կը լռէին, ոմանք կը խօսէին միայն սաղմոսներ, ոմանք առանց իրենց հարցնելու չէին բարբառէր, ոմանք ընտրութեամբ միայն ընկերոջ օգուտին համար կը խօսէին։ Մշտաջան ճգնութիւններով եւ պաղատանքներով կʼանցընէին իրենց օրերը եւ հոգեւոր խրատի համար աշխարհներ կʼանցնէին, կը սիրէին թշնամիները՝ բարեկամներու նման եւ խոնարհութեամբ իրենց ընկերը իրենցմէ աւելի կը համարէին։ Հնազանդութեան համար անգամ կրակի կը մատնուէին եւ գազաններու կը դիմէին, իրենց անձերը ընկերոջ ծառայութեան կը տրամադրէին եւ խեղճերը, տնանկները եւ հիւանդները կը կերակրէին արդար վաստակով։ Չափով կը պահէին իրենց մարմինը եւ կը սանձէին իրենց խորհուրդները ինչպէս գազան եւ մեծ նեղութիւններով ամուր պահքեր կը յօրինէին։ Քանի որ այս ամէնը նեղ դուռն ու անձուկ ճանապարհն է, որ դէպի յաւիտենական կեանք կը տանի։ Որով եւ՝ ճշմարիտ եւ մաքուր պահեցողութեամբ, բազում նշաններ եւ հրաշքներ կը գործէին, դեւեր կը հանէին, յարութիւն կու տային, ջուրերու վրայէն կը քալէին եւ արեգակի ընթացքը կը դադրեցէին։ Ամուր պահեցողութիւնը ասոնցմէ աւելի մեծ զօրութիւններ կը գործէր. որովհետեւ առաջին սուրբերը, երբ կը կամենային մօտենալ Աստուծոյ, նախ պահքով կը մաքրուէին եւ ապա կը մերձենային Մաքուրին եւ աստուածատէս կʼըլլային։ Իսկ անոնք, ովքեր հեռացան պահքէն, հեռացան Աստուծոյ շնորհքներէն եւ բազում չարիքներով չարչարուեցան։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.