2016-08-20 10:40:00

Պենեդիկտոս ԺԶ. Վաստակաւոր Քահանայապետի աշակերտներու տարեկան հանդիպումը


(Ռատիօ Վատիկան) Օգոստոս 26էն 28, Քասթել Կանտոլֆօ քահանայապետի ամարանոցին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Պենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր Քահանայապետի աշակերտներու տարեկան հանդիպումը։ Այս առիթով այնտեղ պիտի քննարկուի Եւրոպայի հոգեւոր տագնապը։
«Ռացցինկերի Ուսանողներու Շրջանակը» այս հանդիպումը կը կատարէ ամէն տարի, 1978 թուականէն սկսեալ։ Այնտեղ կը քննարկուին աստուածաբանական նիւթեր եւ Եկեղեցին յուզող հարցեր։ Այս տարուան նիւթը՝ «Եւրոպայի հոգեւոր տագնապը» ներկայացուած է վաստակաւոր Քահանայապետին եւ ընդունած անոր հաւանութիւնը։
Հանդիպումը կը կազմակերպէ Հայր Շթեֆան Հորն, որ Գերմանիոյ Ռեկենսպուրկ քաղաքի համալսարանին մէջ 1971-1977 տարիներուն եղած է Փրոֆեսոր Եոզեֆ Ռացցինկերի օգնականը։
Այս տարուան հանդիպումին պիտի կատարուին երկու դասախօսութիւններ։ Առաջինը՝ իրաւաբան եւ Ֆիրենցե քաղաքի «Եւրոպայի Համալսարան Հիմնարկի» տնօրէն Եոզեֆ Վայլերի կողմէ, եւ երկրորդը Աւստրիոյ Կրաց-Սեքաուի հրաժարեալ եպիսկոպոս Էկոն Քափելլարիի կողմէ։
Եպիսկոպոսը յատկապէս պիտի կենդրոնանայ «Քրիստոնեաներու դէմ ելլող հին եւ նոր մարտահրաւէրներ Եւրոպայի հիւսուածքին մէջ»։
Ռացցինկերի Շրջանակը կազմուած է 1977 թուականին, երբ Ռացցինկէր կ᾿անուանուէր Արքեպիսկոպոս Միւնխէնի եւ Ֆրայզինկի։ Երբ Ռացցինկեր 1981ին կը փոխադրուի Հռոմ, իբր Նախագահ Հաւատոյ Ժողովին, Շրջանակը կը շարունակէ գործել։ 2008 թուականին կազմուած է աւելի երիտասարդ համախոհներու շրջանակ մըն ալ։
2013 թուականէն սկսեալ Պենեդիկտոս Քահանայապետ չէ մասնակցած հանդիպումներուն. սակայն մատուցած է Սուրբ Պատարագը հանդիպումներու աւարտին։ Այս տարի, օգոստոս 26ին Շրջանակի անդամները առանձին հանդիպում մը պիտի ունենան Վաստակաւոր Քահանայապետին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.