2016-08-20 10:21:00

«Վերջին խօսքը ատելութեան չէ» կ᾿ըսէ Վիեննայի Կարդինալ Քրիսթոֆ Շէօնպորն


(Ռատիօ Վատիկան) Վիեննայի արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Շէօնպորն, յօդուածի մը մէջ կը նկատէ, թէ Տահէշը քրիստոնեաներու դէմ ատելութիւնն ու պայքարը վերածած է իր գործունէութեան կենդրոնական նպատակին։ Սակայն, կ᾿աւելցնէ Կարդինալը «Հաստատ կերպով կը հաւատամ, թէ վերջ ի վերջոյ խոհեմներն են որ յաղթանակը պիտի տանին»։
Ծիրանաւորը իր յօդուածին մէջ կ᾿ակնարկէ Տահէշի պարբերական «Տապիք»ի, ուր կոչ ուղղուած է խաչը «խորտակելու»։ Հակառակ սպառնալիքին, Շէօնպորն կ᾿ապահովցնէ, որ «բարի ուժերը իրարու պիտի միանան»։ Ան կը նշէ նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապի երկխօսութեան կոչը միամտութիւն չէ, որովհետեւ նաեւ իսլամ տարրեր չեն ընդունիր Տահէշի վայրագութիւնները։ «Տապիք»ի վերջին թիւին մէջ կը կարդանք՝ «Մենք ձեզ բոլորդ կ᾿ատենք, որովհետեւ անհաւատ էք։ Դուք Աստուծոյ Միութիւնը կ᾿ուրանաք»։ Այս գաղափարախօսութիւնը դրդած էր երկու ահաբեկիչները, որոնք Ֆրանսա եկեղեցւոյ  մէջ սպանած էին կաթողիկէ քահանան։ Ըստ մասնագէտներու, Տահէշը կը դիմէ այսպիսի գաղափարախօսութեան՝ իր յուսահատ անդամները ի մի բերելու եւ պակսող անդամներու տեղը լեցնելու նպատակով։ Տահէշի պարբերականի յօդուածը կը շարունակէ՝ «Եթէ նոյնիսկ դադրեցնէք մեզ ռմբակոծելը, մեզ բանտարկելը, մեզ տանջելը, մեզ նուաստացնելը եւ մեր երկիրը գրաւելը, մենք պիտի շարունակենք ձեզ ատել։ Որովհետեւ գլխաւոր պատճառը ձեզ ատելու, երբեք պիտի չվերանայ, մինչեւ դուք իսլամական կրօնքը ընդունիք»։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.