2016-08-19 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Ռիմինիի 37րդ «Միթինկ»ին


(Ռատիօ Վատիկան) Ամէն տարի օգոստոս ամսուան վերջաւորութեան Ռիմինի քաղաքին մէջ տեղի կ᾿ունենայ «Միթինկ»ը, կազմակերպուած «Հաղորդութիւն եւ Ազատութիւն» հաստատութեան կողմէ։
Այս առիթով, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Սրբազան Քահանայապետի անունով պատգամ մը ուղղած է Ռիմինիի Եպիսկոպոսին եւ «Միթինկի» մասնակիցներուն։
Կարդինալ Փարոլին, համագումարի խորագիրը՝ «Ինծի համար բարիք մըն ես», կը նկատէ յանդուգն, որովհետեւ մեզ շրջապատող իրականութիւնը, մեզի կը փոխանցէ հակոտնեայ գաղափար մը։ Շատ անգամ կը փորձուինք փակուիլ անհատական շահերու հորիզոնէն ներս, ուր ուրիշները կը դառնան աւելորդ, եւ կամ յոռեգոյն եւս՝ անոնք կը վերածուին տաղտուկի եւ արգելքի։
Սակայն այս կեցուածքը չի համապատասխաներ մեր բնութեան, կ᾿ըսէ Ծիրանաւորը։ Մանուկ հասակէն մենք կը յայտնաբերենք մարդկային էակներու միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու գեղեցկութիւնը. կը սորվինք յարաբերիլ ուրիշներու հետ, ընդունելով եւ յարգելով զանոնք իբր եղբայր՝ որովհետեւ երկնային Հօր զաւակներն ենք բոլորս։ Եսակենդրոնութիւնը կը հեռացնէ մեզ անհատներէն, կը նկատէ լոկ անոնց սահմանները եւ պակասութիւնները, մարելով մեր մէջ համակեցութեան փափաքը եւ կարողութիւնը, ուր իւրաքանչիւր ոք կրնայ ըլլալ ազատ եւ երջանիկ՝ վայելելով ուրիշներու ընկերակցութիւնը, անոնց բազմապիսութեան հարստութիւնը։
Կարդինալ Փարոլին խորանալով այս խնդրի մէջ, նկատել կու տայ ներկայ ժամանակի յեղաշրջումները եւ խնդիրները, վախերն ու անորոշութիւնները, ուր մարդոց միջեւ միշտ աւելի խրամատներ կը բացուին։
Ասոր համար, կը յորդորէ ան, պէտք է միշտ շեշտենք երկխօսութեան վրայ եւ ապրինք զայն։ Բացուիլ ուրիշներուն՝ չի նսեմացներ մեր հայեացքը, այլ մանաւանդ մեզ աւելի կը հարստացնէ, որովհետեւ մեզի ճանչնալ կու տայ ուրիշին ճշմարտութիւնը եւ անոր փորձառութեան կարեւորութիւնը։ Շփումը այլ անհատներու հետ՝ յստակացում կը սփռէ անհատի ինքնութեան վրայ։ Երկխօսութիւնը կը հարստացնէ երկու կողմերը։
Կարդինալ Փարոլին, մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը, կը յորդորէ, որ իբր Յիսուսի աշակերտներ պէտք է բերենք մեր նպաստը՝ «հռչակելով Աւետարանը, որ այսօր առաւել քան եւս կը կայանայ մարդու վիրաւորանքներուն ընդառաջ ելլելու մէջ, փոխանցելով Յիսուսի զօրեղ սակայն պարզ ներկայութիւնը, Անոր մխիթարիչ եւ սրտապնդիչ ողորմածութիւնը։»
Կարդինալ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապի անունով կը խրախուսէ «Միթինկի» մասնակցողները, եւ կը յայտնէ Սրբազան Հօր Առաքելական Օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.