2016-08-19 10:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի մասնակցի Ասսիզիի՝ խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի ձեռնարկին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 18 օգոստոս 2016-ին Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, յառաջիկայ 20 սեպտեմբեր 2016-ին, ներկայ պիտի գտնուի Ասսիզիի մէջ կատարուելիք խաղաղութեան ի սպաս համաշխարհային աղօթքի օրուան եզրափակիչ արարողութեան։

Սան Էճիտիոյի հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած յիշեալ ձեռնարկի խորագիրն է՝ «Խաղաղութեան ծարաւ, կրօնքներ ու մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.