2016-08-19 11:40:00

Գերապ. Փալիա Սրբազան Պապը «կ᾿արագացնէ» եկեղեցւոյ մերձեցումը՝ վիրաւոր մարդկութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Եկեղեցին կ᾿ապրի նորոգում մը, որ զայն միշտ աւելի ատակ կը դարձնէ՝ ճանչնալու իր առաքելութիւնը՝ փրկագործութեան ծիրէն ներս եւ ապաքինում բերել հոն՝ ուր անհատներու կեանքը առաւելագոյնս կը գտնուի մրցակցութեան եւ վատնումի նոր մշակոյթի մը սպառնալիքին տակ։ Այս է այն գաղափարը, որ Ֆրանչիսկոս Պապը կ᾿ուզէ պատգամել եկեղեցական կառոյցներու նորոգումի գործընթացին մէջ, ինչպէս կը կարդանք Սրբազան Հօր ստորագրեալ նամակ-յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է օգոստոսի 17ին։ Առընչուած այս գործընթացին հետ, Սրբազան Պապը կատարած է  Գերապայծառ Վինչենցօ Փալիայի անուանումը՝ իբր նախագահ «Կեանքի նուիրուած Քահանայապետական Կաճառին» եւ Աւագ Դիւանապետ «Յովհաննէս Պօղոս Բ. Անուան Քահանայապետական Ընտանիքի եւ Ամուսնութեան Հիմնարկին։»
Գերապայծառ Փալիա հարցազրոյցի մը ընթացքին, յայտնած է, թէ Սրբազան Պապը այս անուանումներով ուզած է յստակ կերպով հաստատել Եպիսկոպոսական Ժողովի եզրակացութիւնները, որոնց յանգած էին եպիսկոպոսները յընթացս վերջին տարիներուն։ Սրբազան Պապը ոչ միայն կ᾿առաջարկէ Սուրբ Աթոռի Ժողովներու եւ Խորհուրդներու վերակազմաւորումը, այլ եւս մեծ շեշտաւորում կը դնէ հովուականի վրայ։
Սրբազան Պաèը կը յորդորէ, որ գործնական հովուական առաքելութեան եւ աստուածաբանութեան տեսական տարածքին միջեւ ստեղծուի դաշնութիւն մը, որովհետեւ աստուածաբանութիւնը կը գտնուի նոր հորիզոններու եւ նոր հեռանկարներու կամ մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնք ընկերութիւնը կը դնէ Եկեղեցւոյ դիմաց՝ յատկապէս այս հազարամեակի սկզբնաւորութեան։ Սրբազան Պապը չ᾿ուզեր կոյր հովուական մը եւ կամ գրասեղանի աստուածաբանութիւն մը։ Ան կ᾿ուզէ որ ամբողջ եկեղեցին իր բոլոր կազմով խոնարհի դէպի ժամանակակից ընկերութիւնը, որպէսզի Տիրոջ շնորհքը եւ ողորմածութիւնը փոխանցէ անոր՝ վերանորոգելու, օգնելու եւ մեզ բոլորս Արքայութեան ճանապարհին առաջնորդելու։
Սուրբ Աթոռի կառոյցներու վերանորոգումի ընթացքը բնորոշուած է ողորմածութեան հորիզոնով։ Այս իմաստով այդ բոլորը չի կրնար կատարուիլ տեսական խորհրդածութեամբ, այլ Եկեղեցին պէտք է շարունակէ կառչիլ «գերագոյն օրէնքին», այսինքն հոգիներու, մարդկութեան եւ ընտանիքի փրկութեան։ Ընկերութիւնը ռազմադաշտ մըն է. այնտեղ է, որ Եկեղեցին պէտք է գործէ, եւ զգալի դարձնէ Աստուծոյ Ողորմածութիւնը, մեծ եռանդով եւ շարունակական կերպով, մինչեւ բոլորը, առանց խտրութեան, ներգրաւուին Աստուծոյ սիրոյն մէջ. այդ սէրը կը փոխակերպէ եւ կը փրկէ մարդկութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.