2016-08-18 10:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապի առանձնական հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորքեշաբթի, 17 օգոստոս 2016-ին՝ յետմիջօրէին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ՝ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ, որուն ընկերացած էին Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պերնարտ Քազենեվը , եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ֆիլիփ Զելլերը։

Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ֆրանսայի նախագահի միջեւ կայացած հանդիպումը տեւեց շուրջ 40 վայրկեան, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։ Սրբազան հայրը Ֆրանսայի նախագահին նուիրեց ՝՝Գովեալ ըլլաս՝՝ եւ ՝՝Սիրոյ Ուրախութիւն՝՝՝  շրջաբերական թուղթերէն  օրինակ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապի  հետ հանդիպումէն ետք Ֆրանսայի նախագահը հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլինի հետ։

Յայտնենք, թէ նախքան Ֆրանչիսկոս Պապի  հետ առանձական հանդիպումը, Ֆրանսայի նախագահը, պատասխանելով լրագրողներուն կողմէ իրեն ուղղուած  շարք մը հարցումներուն,  յիշեց Հայր Ժաք Համելի անմարդկային սպանութիւնը, որ պատահեցաւ  անցեալ 26 յուլիսին։

 Ֆրանսուա Հոլլանտ իր  երախտագիտութիւնը յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին  յայտնելով   թէ ՝՝Հայլ Համելի սպանութենէն ետք, ինչպէս նաեւ Նիսի ահաբեկչական գործողութենէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապի  արտասանած խօսքերը,  մեծ մխիթարութիւն  ու սփոփանք ներշնչեցին Ֆրանսայի ժողովուրդին։

Նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ներկայ կացութեան եւ այս առնչութեամբ յայտնեց, թէ Ֆրանսայի ժողովուրդը  Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպան կը կանգնին   եւ Ֆրանչիսկոս Պապ քաջատեղեակ է այն իրողութեան, թէ ինչքան Միջին արեւելքի քրիստոնեաները  կը նպաստեն տարածաշրջանի համերաշխութեան ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.