2016-08-18 12:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Հռոմի տօնավաճառ ողջունելու համար սրտաբանութեան համաժողովի մասնակիցները


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 18 օգոստոս 2016-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ 31 օգոստոս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ պիտի այցելէ Հռոմի տօնավաճառ,  ողջունելու համար հոն գումարուած սրտաբանութեան    Եւրոպական ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած տարեկան ընդհանուր գիտաժողովի մասնակիցները։

Յայտնենք, թէ Սրտաբանութեան գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 140 երկիրներէ 35000 բժիշկներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.