2016-08-18 14:46:00

Սրբուհի Մայր Թերեզայի Վատիկանեան դրոշմաթուղթ


(Ռատիօ Վատիկան) 4  Սեպտեմբեր 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պիտի կատարէ Մայր Թերեզայի սրբադասումը։ Այս առիթով Վատիկանը պիտի պատուէ Սրբուհի Մայր Թերեզան յատուկ դրոշմաթուղթով մը։
Դրոշմաթուղթի հրապարակման տեղեկութիւններուն մէջ կը յիշուի թէ «Մայր Թերեզա սիրեց զԱստուած եւ Եկեղեցին մեծ զօրութեամբ, պարզութեամբ եւ բացառիկ համեստութեամբ։ Իր կեանքով ան պանծացուց ամենէն համեստ ծառայութեան արժանապատութիւնը։ Ան Աւետարանի եւ Քրիստոսի սիրոյն համեստ պատգամաւոր մըն էր. Կը կատարէր իր աշխատանքը յանդարտօրէն եւ մեծ սիրով։ Անխոնջ նուիրումով ան կ᾿օգնէր աղքատներուն, հիւանդներուն, լքուածներուն, միշտ ժպիտով եւ պարզ արտայայտութիւններով։ Իր կոչումը պահպանելու ոյժը կը գտնէր աղօթքի եւ Աստուծոյ վստահութեան մէջ։»
Մայր Թերեզայի յիշատակին նուիրուած դրոշմաթուղթը պիտի տպուի 150000 էջի վրայ՝ իւրաքանչիւրը բովանդակելով 10 դրոշմաթուղթ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.