2016-08-18 10:33:00

Թուրքիա կը հրաժարի Իսրայէլի դէմ դատական հայցերէն


Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ  լրագրողներուն յայտարարած է, որ Իսրայէլ «Մաւի Մարմարա» նաւուն հետ կապուած միջադէպին համար Թուրքիոյ պիտի վճարէ 20 միլիոն տոլարի փոխհատուցում: Ըստ անոր, նշեալ գումարը պէտք է վճարուի յառաջիկայ 25 օրերուն ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը։

«Սքայ Նիուզ», իր կարգին կը հաղորդէ, որ թրքական կառավարութիւնը որոշած է հրաժարիլ Իսրայէլի դէմ իր յարուցած դատական հայցերէն:

Նախապէս Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնած էր, որ Իսրայէլ ընդունած է յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար Թուրքիոյ բոլոր պայմանները:








All the contents on this site are copyrighted ©.