2016-08-17 14:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցագիրը Փորթուկալի Ֆունշալ թեմի եպիսկոպոսին


(Ռատիօ Վատիկան) Երկու օրերէ ի վեր Փորթուկալի Մատեյրա կղզին թիրախ դարձած է ուժգին հրդեհներու։   Մինչեւ այսօր, կան առնուազն երեք մեռեալներ եւ կործանուած են հարիւրաւոր բնակարաններ, ու տեղահանուածներու թիւը հետզհետէ կ՝աճի։

Այս տխուր դէպքին ի լուր, Ֆրանչիսկոս Պապ  Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ, զաւակցագիր յղեց Փորթուկաի Ֆունշալ թեմի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Անթոնիօ Քարրիլհոյի, որուն մէջ  իր  ցաւակցութիւնը յայտնած է  զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն,  մօտիկութիւն ու զօրակցութիւն ցուցաբերած է տեղահանուածներու նկատմամբ։

  Փորթուկալի եպիսկոպոսին յղած ցաւակցագիրին մէջ  Ֆրանչիսկոս Պապ ապահովցնեով  իր  աղօթքը վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինումի համար , երախտագիտութիւնը   յայտնած է  բոլոր անոնց որոնք կը պայքարին հրդեհները մարելու համար ։

Յայտնենք , թէ Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցագիրը  կարդացուեցաւ 15 օգոստոսին, Ֆունշալ թեմի պաշտպան սուրբ՝ Աստուածամօր տօնին առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագին ընթացքին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.