2016-08-17 13:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ունկդնրութիւնը։ ՝՝Ողորմածութիւնը հաղորդութեան գործիք՝՝։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 17 օգոստոս 2016-ին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կատարած  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան  խորհրդածութեան նիւթը եղաւ,  Յիսուսի հացերու եւ ձուկերու բազմացումի  հրաշքը։

՝՝Այսօր՝՝՝ ըսաւ Սրբազան Պապը կ՝ուեզենք խորհրդածել հացի բազմացումի հրաշքին մասին։  (Մատթ 14, 13-21)  Յիսուս,  Յովհաննէս Մկրտիչի մահուան լուրը ստանալէ անմիջապէս ետք, նաւակով մը լճակին դիմաց անցաւ ՝  որոնելու համար ամայի վայր մը։

Տեսնլելով  ամբոխը, զոր Իրեն հետեւացան, Յիսուս գթաց անոնց վրայ  ու սկսաւ բուժել հիւանդները՝՝,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա Իր խօսքը կեդրոնացուց  Յիսուսի ժողովուրդին նկամտամբ ունեցած գութին վրայ ՝՝Յիսուս չ՝ունի միապաղաղ սիրտ մը, Ան կարող է յուզուելու։  Յիսուս մէկ կողմէն ինքզինք կապուած կը զգայ Իրեն հետեւող ժողովուրդին , եւ չ՝ուզեր որ անոնք հեռանան Իրմէ,  եւ միւս կողմէն կարիք կը զգայ մինակ մնալու՝ աղօթելու համար  իր Հօր։  ՝՝Յիսուսի գութը՝՝ ընդգծեց  ֆրանչիսկոս Պապ,  պարզապէս  լոկ զգացում մը չէ։   Ան՝ ցոյց կու տայ իր կամքին բոլոր ուժականութիւնը՝ մեզի մօտիկ կանգնելու եւ մեզ փրկելու։ Ան, մեզ շատ կը սիրէ եւ կ՝ուզէ մեզի մօտիկ ըլլալ։  Հացերու եւ ձուկերու բազմացումի հրաշքով,  Յիսուս աշակերտներուն  ցոյց տուաւ աղօթքի եւ հաւատքին զօրութիւնը։ Հակառակ՝ առաքեալներուն  ունեցած քիչ հացերուն, Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ  հաւատքով եւ աղօթքով կարելի է զանոնք կիսել ժողովուրդին հետ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց թէ   Յիսուսի կատարածը՝ հաւատքի, սիրոյ եւ կարեկցութեան հրաշք մըն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա՝ անդրադարձաւ հացի բազմացումի ժամանակ Յիսուսի օրհնութեան ժեսթերուն։ ՝՝Յիսուս առաւ հինգ հացերը եւ երկու ձուկերը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց զանոնք, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ՝՝ (Մատթ 14, 19)

Յիսուսի այս կատարած ժեսթերը,  միեւնոյն ժեսթերն են, զոր կատարեց վերջին ընթրիքի պահուն  եւ այս  ժեսթերը միեւնոյնն  են նաեւ իւրաքանչիւր քահանայի, զոր կը կատարէ Սուրբ Զոհին ընթացքին ։  Սուրբ Պատարագի զոհը մեզ  կամաց կամաց կը կերպանափոխէ  Քրիստոսի մարմնին եւ մեզ  հոգեւոր սնունդ կը դարձնէ մեր  եղբայրներուն համար՝՝ յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով, թէ Քրիստոսի հետ հաղորդութիւնը, մեզ առ աւելիով կը ներմուծէ ժամանակակից  մարդոց եւ կիներու յարաբերութեան մէջ, շնորհելու համար անոնց ողորմութեան շօշափելի նշաններ։ Յիսուս կ՝ուզէ հասնիլ բոլորին ՝ փոխանցելու համար Աստուծոյ սէրը։ Ասոր համար իւրաքանչիւր հաւատացեալ կը դարձնէ  Ողորմածութեան ծառայ։ ՝՝Այս է ուղին՝՝ հաստատեց  Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով  հացերու եւ ձուկերու բազմացումին   վերջաւորութեան­,  ուր ամէնքը կերան ու կշտացան , եւ աւելցած կտորներով լեցուցին տասներկու սակառները, ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ ՝՝Երբ՝ Յիսուս Իր գութով եւ սիրով մեզի կը պարգեւէ շնորհք մը , մեր մեղքերը կը քաւէ, մեզ կը ողջագուրէ, մեզ կը սիրէ, այս ամէնը կը կատարէ լիակատար եւ ոչ ոչ կիսակատար։

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց հաւացեալներէն, որ Տիրոջ աղօթեն, որպէսզի իւրաքաչանիւր հաւատացեալ կարենայ հաղորդութեան  գործիք դառնայ,  ընտանիքին , գործատեղիին ինչպէս նաեւ   իր ժողովրդպաետութեան մէջ, եւ դառնան տեսանելի նշան Աստուծոյ ողորմածութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.