2016-08-17 15:10:00

Տալլաս թեմի եպիսկոպոսը անուանուեցաւ աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի ժողովի կառավարիչը


(Ռատիօ Վատիկան)  Այսօր՝ 17 օգոստոս 2016-ին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ հաստատուած աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի  Վատիկանեան նոր կառոյցի   ինքնագիրը։

Սրբազան Հայրը վերոնշեալ նորակառոյց ժողովին կառավարիչ անուանեց Գերապայծառ  Քեվին Ժոզէֆ Ֆարելը, Ամերիկայի Տալլաս թեմի երբեմնի եպիսկոպոսը։

Ֆրանչիսկոս Պապի "Sedula Mater"  ինքնագիրի  հրապարակումով, նորակառոյց ժողովը յառաջիկայ սեպտեմբերէն ի զօրու կը դառնայ եւ կը ստանձնէ Քահանայապետական աշխարհականներու եւ ընտանիքի  խորհուրդին գործունէութիւնները, այնուհետեւ նախկին վերոնշեալ աշխարականներու եւ ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդը  կը դադրին գոյութիւն ունենալէն։։

Ֆրնաչիկոս Պապ ապա աշխարհականներու եւ ընտանիքին քահանայապետակնա խորհուրդին երբեմնի նախագահը Գերապայծառ Վինչենօ Փալիան անուանեց նախագահ  Կեանքի քահանապակական կաճառին­  ինչպէս նաեւ քարտուղար՝ Պսակի եւ ընտանիքի ուսումնասիրութեան  հայոյ ՅՊԲ անուան հաստատութեան։  








All the contents on this site are copyrighted ©.