2016-08-17 09:15:00

Հայաստան կ’աջակցի Սուրիոյ մԷջ ՌԴ մարդասիրական լայնածաւալ գործողութեան


Երեւանի մէջ իրականացուող ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս Օգոստոս 16-ին տեղի  ունեցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ ՌԴ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկուի երկկողմ հանդիպումը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ երկկողմ ռազմական եւ ռազմական սարքաւորումներու համագործակցութեան հարցեր: Նախարարները արձանագրած են երկու պետութիւններու պաշտպանական գերատեսչութիւններու փոխգործակցութեան բարձր մակարդակը եւ նախանշած են համագործակցութեան յետագայ ուղիները:

Քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ մէջ ՌԴ զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուող լայնածաւալ մարդասիրական գործողութիւնները: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը աջակցութիւն  յայտնած է Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ Սուրիոյ բնակչութեան ցուցաբերուող մարդասիրական օգնութեան ջանքերուն:

Հանդիպման արդիւնքներով երկու պետութիւններու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները ստորագրած են «ՀՀ զինուած ուժերու եւ ՌԴ զինուած ուժերու միացեալ զօրքերու (ուժերու) խմբաւորման շահերէն բխող ճառագայթման, քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութեան ոլորտին մէջ իրավիճակի բացայայտման եւ գնահատման փոխգործակցութեան մասին» համաձայնագիրը:

Քաղուած Ազդակ








All the contents on this site are copyrighted ©.