2016-08-17 09:02:00

Իրանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռմբաձիգները ռմբակոծած են Հալէպի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը


Երեքշաբթի, 16 օգոստոս 2016-ին,  հաղորդուեցաւ, որ Ռուսիոյ օդուժի իրենց տեսակին մէջ մեծագոյններէն եղող «Թու-22 Էմ3» տիպի հեռահաս ռմբաձիգներ հասած են Իրանի Համատան օդակայան` մասնակցելու Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ կատարուող յարձակումներուն: Իրանի մէջ տեղակայուած են նաեւ ռուսական օդուժի «Սու-34» տիպի կործանիչներ, որոնց պարտականութիւնը «Թուփոլեւ»-ներուն ընկերակցելով անոնց անվտանգութիւնը ապահովելն է:

Աւելի ուշ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրանի մէջ տեղակայուած ռմբաձիգները ռմբակոծած են Հալէպի, Տէր Զօրի եւ Իտլիպի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Ֆաթհ Շամի (նախապէս` Ժապհաթ Նուսրա, «Ա.») դիրքերը, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ անոնց պատկանող զինապահեստանոցներ եւ մարզումի ճամբարներ:

«Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ռուսական ռմբաձիգներուն Իրանի մէջ տեղակայումը կ՛արտօնէ անոնց թռիչքի ժամանակը 60 առ հարիւրով նուազեցնել եւ անոնց կրելիք ռումբերը աւելցնել:

Նշեալ ռմբաձիգները նախապէս թռիչք կ՛առնէին Հիւսիսային Օսեթիայէն եւ Սուրիա հասնելու համար կը կտրէին 2100 քիլոմեթր, իսկ այժմ այդ հեռաւորութիւնը նուազած է 900 քիլոմեթրի:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ յայտարարեց. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ մեր բոլոր ռազմակայանները պիտի դնենք Ռուսիոյ տրամադրութեան տակ»:

Մինչ այդ, ռուսական ծովուժը երկուշաբթի օր Կասպից ծովուն մէջ սկսաւ ռազմափորձի մը, որուն կը մասնակցին հեռահաս «Քալիպըր» տիպի հրթիռներով զինուած մարտանաւեր:

Ռուս դիւանագէտ մը նախապէս յայտնած էր, որ իր երկիրը Իրաքի եւ Իրանի իշխանութիւններէն խնդրած է, որ «Քալիպըր»-ներուն արտօնեն իրենց օդային տարածքէն անցնիլ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու «Ռոսիա 24»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններ կը կատարէ Հալէպի մէջ ահաբեկիչներու դէմ միացեալ գործողութեան շուրջ, եւ կողմերը մօտ են համաձայնութիւն գոյացնելու:

Քաղուած Ազդակէն








All the contents on this site are copyrighted ©.