2016-08-13 14:30:00

Արարչագործութեան նուիրուած միջազգային օր


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ մէկ սեպտեմբեր 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կը նախագահէ Արարչագործութեան նուիրուած միջազգային օրուան երեկոյեան ժամերգութեան։
Մէկ տարի առաջ, Սրբազան Քահանայապետը սեպտեմբերի մէկը հռչակած էր` Արարչագործութեան միջազգային օր, հետեւելով Ուղղափառ Եկեղեցիներու օրինակին, որոնք այդ օրը կը տօնախմբեն արդէն  1989 թուականէն։
Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա. առաջարկած էր միասնական աղօթքի այս օրուան հաստատումը, Ֆրանչիսկոս Պապի «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի հրապարակումէն ետք։ Սրբազան Պապը ընդառաջեց այդ առաջարկին, որովհետեւ հարկաւոր կը նկատէր, որ Եկեղեցիները միասնաբար դիմագրաւեն կենսոլորտի սպառնացող մարտահրաւէրները, միաժամանակ ակնկալելով, որ այլ եկեղեցիներ ալ մասնակցին այս նախաձեռնութեան։
Սեպտեմբերի մէկին, Արարչագործութեան պահպանումի աղօթքի միջազգային օրը, Ֆրանչիսկոս Պապ երեկոյեան ժամը հինգին, Ս. Պետրոսի մայր տաճարին մէջ պիտի կատարէ երեկոյեան ժամերգութիւնը։
Երբ մէկ տարի առաջ Սրբազան Քահանայապետը միջազգային աղօթքի այս օրը կը հաստատէր, նպատակն էր կենսոլորտի տագնապի բարձումին նպաստ մը բերել։ Այդ օրը պէտք է յիշատակուի բոլոր տեղական եկեղեցիներու մէջ – կը հաստատէր Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.