2016-08-13 09:54:00

«Իրանի հետ Սուրիոյ շուրջ առաւել եւս պիտի գործակցինք» ըսաւ Չաւուշօղլու


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ Անգարայի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Անգարա յառաջիկայ հանգրուանին Սուրիոյ հարցով առաւել եւս պիտի գործակցի Թեհրանի հետ` նշելով, որ երկու երկիրները բազմաթիւ հասարակաց գիծեր ունին:

Չաւուշօղլու աւելցուց.«Պէտք է միասնաբար պայքարինք ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ, եւ պիտի ամրապնդենք Իրանի հետ մեր գործակցութիւնը»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին նշեց, որ Թուրքիան Իրանի բարեկամ եւ եղբայր երկիր մըն է` աւելցնելով, որ հակառակ Թուրքիոյ հետ տարակարծութիւններու գոյութեան, գոյութիւն ունին նաեւ կէտեր, որոնց շուրջ համամիտ են` ինչպէս Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Ան ըսաւ, որ տարակարծութիւնները կարելի է լուծել երկխօսութեան ճամբով: Ան անհրաժեշտ նկատեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութիւնը ամրապնդել եւ ողջունեց ռուս-թրքական մերձեցումը:

Զարիֆ ըսաւ, որ իր այցելութեան նպատակը յեղաշրջումի փորձին դէմ արձանագրուած յաղթանակին համար թուրք ժողովուրդը շնորհաւորելն է:

Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասիմի հինգշաբթի օր յայտնած էր, որ Զարիֆ Անգարա պիտի այցելէ` ընդառաջելով իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հրաւէրին:

Միւս կողմէ` «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի մասնագէտները սկսած են Հալէպ քաղաքի` զինեալներուն կողմէ գրաւուած հատուածին մէջ թունաւոր կազերու հաւանական օգտագործման հետաքննութեան:

«Այն բանի վկայութիւնները, որ քիմիական յարձակում տեղի ունեցած է, աւելի քան բաւարար են», յայտարարած է ան` աւելցնելով, որ եթէ կարելի ըլլայ ատիկա ապացուցել, ապա կարելի է խօսիլ զինուորական յանցագործութեան մասին:

Ենթադրաբար, քիմիական զէնքի օգտագործման պատճառով արձանագրուած է չորս զոհ: Սուրիացի բժիշկներու համաձայն, վիրաւորներու շարքին շատ են տարեց մարդիկն ու երեխաները:








All the contents on this site are copyrighted ©.