2016-08-12 14:50:00

Ողորմածութիւն ԺԴ.


Խորհրդածութիւններ Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետէն։

«Ոչինչ այնպէս չի թեթեւցներ մեղքերու ծանրութիւն, ինչպէս ողորմութիւնը եւ տնանկներու հանդէպ գութը։ Ինչպէս որ այն սուրբը՝ Դանիէլը, սորվեցուց Նաբուգոդոնոսորին, երբ ան հիւանդացած էր մեղքերու պատճառով։ Երբ Նաբուգոդոնոսոր մարգարէին հարցուց, թէ՝ «Ի՞նչ հնար կայ այս ցաւը փարատելու», Դանիէլ, որպէս բժիշկ մօտենալով, ըսաւ. «Արքայ, ո՛չ պահքը, ո՛չ հսկումը, ո՛չ քուրձ հագնելն ու մենութիւնը քեզի չեն կարող օգնել, այլ գնա՛ եւ ողորմութեամբ քաւէ քու մեղքերդ եւ անօրէնութիւններդ՝ գթալով տնանկներուն» (Դան Դ. 27)։ Այն կաշառք է, որ կʼարդարացնէ քեզ, եւ ճանապարհ է, որ կը տանի դէպի յաւիտենական կեանք։

Կը տեսնե՞ս՝ ինչպիսի զօրութիւն ուինի ողորմութիւնը եւ ինչ համարձակ երեսով կը կանգնեցնէ Աստուծոյ առջեւ. մանաւանդ երբ սրտանց կը կերակրեն քաղցածները։ Ինչպէս Եսային կʼըսէ. «Քաղցածներուն բաժնէ քու հացդ եւ անօթեւան աղքատները տար քու տունդ. եթէ մերկ մարդ տեսնես, հագցուր անոր եւ քու ազգի տառապեալներուն երես մի՛ դարձներ։ Այն ժամանակ պիտի կանչես, եւ Աստուած պիտի լսէ քեզ. մինչեւ դուն խօսիս, Ան պիտի ըսէ, թէ՝ «Ահա հասած եմ» (Ես ԾԸ. 7-9)։

Այսպէս արագաթեւ ողորմութիւնը կը բարձրանայ դէպի Աստուծոյ լսելիքը եւ փութապէս կը խոնարհեցնէ զայն՝ օգնելու ողորմածին։ Եւ Աստուած ոչ միայն այստեղ կʼօգնէ եւ կը փրկէ ողորմածին, այլ երբ այս կեանքը կʼաւարտի, եւ կʼանցնինք հանդերձեալի մէջ, ողորմածին բազմապատիկ առատութեամբ կը վերադարձնէ անոր տուած ողորմուիւնները։ Ինք՝ Տէրը, կʼըսէ. «Աղքատներուն տուած ողորմութեան պարտապանը ես եմ» եւ՝ «Անոնց փոխ տուածի փոխատուն ես եմ։» Որովհետեւ. «Ով կʼողորմի աղքատին, փոխ կու տայ Աստուծոյ» (Առ ԺԹ. 17), որ անանցանելի բարիքներով մէկի փոխարէն հարիւրապատիկ կը վերադարձնէ, նաեւ կը քաւէ անոր մեղքերը եւ կը փրկէ ահաւոր տանջանքներէն. «Երանի անոր, որ կը մտածէ աղքատի եւ անօթեւանի մասին. փորձանքի օրը Տէրը կը փրկէ զայն» (Սաղ Խ. 1)

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ մտածել աղքատի եւ տնանկի մասին։ անոր մասին մտածել կը նշանակէ յիշել անոր տառապանքները՝ ըսելով՝ ան իմ եղբայրս է, իմ անդամս ու մարմինս, եւ ինծի նման կարիքներ ունի։ Կարօտ է ինչքերու եւ բնակարանի, քաղցած մնալու վտանգէն այս ու այն կողմ կʼիյնայ եւ կը շրջի անհանգիստ։ Տօթէն կը տաքնայ եւ ցուրտէն կը դողայ, որովայնը դատարկ է, մարմինը՝ մերկ, մազերը թաղիք դարձած են, դէմքը դեղնած է եւ թորշոմած, ամբողջ մարմինը հալած, մաշած են խեղճացած է. կը թափառի, կը վարանի, դռներու մօտ երերալով եւ կանգնելով՝ կը մսի, գորովագին կարեկցութիւն կʼարթնցնէ իր աղետալի վշտերուն հանդէպ եւ իմանալով, որ խիստ դաժան են մեր մտքերը, առանց ամչնալու կը ցուցադրէ իր խեղուած անդամները, որպէսզի մեզ՝ անողորմներս, խոնարհեցնէ գթալու իրեն։ Կը յանդգնի, կը համարձակի եւ մեծ չարչարանքով քիչ մը կերակուր կը գտնէ. դռները, գաւիթներն ու տուները կը մտնէ երկիւղալի, որովհետեւ տուներու մօտ կը վախնայ շուներէն, կʼերկնչի անասուններէն, որովհետեւ ձիերը կʼաքացեն, եզները՝ կը պոզահարեն, շուները՝ կը վիրաւորեն, իսկ չար ու անողորմ մարդիկ կը չարախօսեն, կʼանարգեն եւ կը խոցոտեն՝ ինչպէս նետով, մանաւանդ երբ կը տեսնեն խեղանդամը, կոյրը կամ ցաւագարը։ Եւ ան քաղցի պատճառով կը վարանի եւ արկածախնդրութեան կը դիմէ, կʼերթայ կը հասնի անողորմներու՝ իբրեւ գազաններու մօտ, որոնց կողմէ կʼանարգուի, ապա եւ կարողանայ բան մը ստանալ, այն ալ մեծ չարախօսութիւններով։”








All the contents on this site are copyrighted ©.