2016-08-12 12:29:00

Հոն Քոնկի մէջ Արեւելեան Ասիայի երիտասարդներու հաւաք։


(Ռատիօ Վատիկան) 12-էն 16 օգոստոս 2016-ին, Ասիայի ցամաքամասէն շուրջ 300 երիտասարդներ սկիզբ տուին երիտասարդաց հաւաք ձեռնարկին, կազմակերպութեամբ Թեզէ հասարակութեան, եւ  որուն բնաբանն է ՝՝Ողորմածութեան քաջութիւնը՝՝։ Երիտասարդաց հաւաքը սկիզբ առաւ  Cheung Chau կղզիին մէջ , միջազգային Քարիթսաի կեդրոնատեղիին մօտ  եւ վերջ պիտի գտնէ 16 օգոստոս 2016-ին։

Ասիայի երիտասարդաց հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Չինաստանէն, Թայվանէն, Ժափոնէն եւ ցամաքամասի այլ երկիրներէն երիտասարդներ։

Ձեռնարկի  կազմակերպիչներուն փոխանցմամբ, երիտասարդաց հաւաքին նպատակակէտնն  է,  խորացնել Աստուծոյ հետ հաղորդութիւնը՝ առանձնական, հասարակաց աղօթքի միջոցաւ, վերագտնել  կեանքին իմաստը՝  խորհրդածելով եւ  ուրիշներուն հետ  կեանքը կիսելով։ 

Զարթեցնելու համար ողորմածութեան քաջութիւնը, երիտասարդաց հաւաքի կազմակերպիչները,  որպէս խորհրդածութիւն   առաջարկած են  հետեւեալ  5 նիւթերը.   ամբողջութեամբ ապաւինիլ Աստուծոյ,  որովհետեւ Ան ողորմած է։  Անհնդատ ներում շնորհել,  դիմագրաւել դժուար կացութիւնները՝  միայնակ կամ ընկերակցութեամբ ուրիշներուն, սփռել Աստուծոյ ողորմածութիւնը  նաեւ ընկերային գետնի վրայ, ի վերջոյ Աստուծոյ ողորմութիւնը համայն արարչութեան համար է։

Վերոնշեալ հինգ  նիւթերու խորհրդածութեամբ, Ասիայի երիտասարդաց հաւաքի կազմակերպիչներուն նպատակն է, դաստիարակել երիտասարդները, եւ  անոնք դառնան խաղաղութեան պատգամաւորները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.