2016-08-11 08:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նուէրը Լեզոթոյի երաշտի զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լեզոթոյի Թագաւորութեան կառավարութեան չորս հարիւր հազար ամերիկեան տոլար նուիրած է դիմագրաւելու համար Էլ Նինիոյի երաշտը որ հարուածած է երկիրն ու հարաւային Ափրիկէն։ Սոյն լուրը հաղորդած է Լեզոթոյի մօտ  առաքելական նորանշանակ նուիրակ` գերապայծառ Փիթէր Պրայան Ուելսը որ անցեալ օրերուն Լեզոթոյի Թագաւոր Լեթսի Գ-ին ներկայացուցած է իր  հաւատարմագրերը, սկիզբ տալով իր դիւանագիտական առաքելութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն նուիրատու թիւնը, յատկանշական է տրուած ըլլալով որ Քահանայապետը սովոր չէ ուղղակի օրէն գումարներ յանձնել կառավարութիւններուն եւ ընդհանրապէս` աղէտի վայրերու օգնութեան նուիրատուութիւնները կը սահմանուին տեղական Քարիթասի կամ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի միջոցաւ։

Գերապայծառ Ուելսի համաձայն, Քահանայապետը ուզեց այս առիթը ստեղծել ցոյց տալու համար թէ ''Սուրբ Աթոռը իրապէս կ՛իրագործէ այն ինչ որ կը խոստանայ եւ թէ անոր ուսուցումը դատարկ խօսքեր չեն''։

Յայտնենք թէ Լեզոթոն հարուածող Երաշտը` բացի ջուրի, ուտեստեղէնի պակասէն ու հիւանդութիւններէն, երկիրն մէջ յառաջացուց նաեւ տնտեսական ահաւոր տագնապ մը, անօթութեան մատնելով 500 հազարէ աւելի անհատներ։

''Միւս կողմէն Նորին Սրբութիւնը յատուկ գուրգուրանք ունի Ափրիկեան ցամաքամասի նկատմամբ ու յատկապէս դժուարութեան մէջ ապրող երկիրներուն նկատմամբ'' յայտնած է գերապայծառ Ուելսը ընդգծելով նաեւ Սուրբ Աթոռին դերակատարութիւնն ու յանձնառումը երկրին մէջ հաշտութեան ու խաղաղութեան հաստատումի գործընթացի ծիրէն ներս։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.