2016-08-11 08:18:00

Նիքարակուայի մէջ ընտանիքի ու կեանքի մասին ազգային համաժողով։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հզօրացնել ու թիկունք կանգնիլ ընտանիքին, Քահանայապետի ''Սիրոյ Ուրախութիւնը'' յորդորագիրի լոյսին տակ'' այս է նպատակակէտը ''Ընտանիքի ու Կեանքի'' մասին ազգային համաժողովին որ տեղի պիտի ունենայ  յառաջիկայ 19-21 օգոստոսին, Նիքարակուաի Լէոն քաղաքին մէջ եւ որ կազմակերպուած է տեղական եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երկրի բոլոր քաղաքներու թեմերէն ժամանած հարիւրաւոր պատուիրակներ միասնաբար խորհրդածելու, Նիքարակուացի ընտանիքները յուզող հարցերու շուրջ, հիմնուելով ''Սիրոյ ուրախութիւնը'' Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակած յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրին վրայ։

Համաժողովը պիտի քննարկէ Նիքարակուայի ընտանիքներու դիմաց կայացած մարտահրաւէրները ինչպէս նաեւ Ընտանեկան կառոյցի ու ամուսնութեան դէմ յարձակումներու հարցը, նկատի առնելով թէ ընտանիքի կառոյցի նիւթը կարեւոր չէ միայն եկեղեցւոյ համար, այլ նիւթ մըն է որ կը հետաքրքրէ համայն ընկերութիւնը։

Համաժողովին ընթացքին նախատեսուած են զանազան նիւթերու շուրջ կլոր սեղաններ, ուսումնասիրական նիստեր ու դասախօսութիւններ, որոնց աւարտին ժողովականները պիտի հրատարակեն ուղեցոյց մը որուն մէջ պիտի նշուին եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ որդեգրելիք ուղեգիծերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.