2016-08-11 10:37:00

ՄԱԿը Հալէպի մարտերուն անյապաղ դադարը կը պահանջէ


Չորեքշաբթի, 10 Օգոստոսի առաւօտեան, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կրկին հրթիռակոծեցին Հալէպի Համտէնիյէ շրջանի բնակելի թաղամասերը։

Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հրթիռներէն մէկը ինկաւ բնակարանի մը վրայ, որուն հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուեցան ընտանիքի մը հինգ անդամները։ Այլ հրթիռ մը մը ինկաւ հանրակառքի մը վրայ՝ խլելով զոհեր եւ վիրաւորներ։

Օրուան ընթացքին շրջանի հրթիռակոծման հետեւանքով զոհերուն թիւը հասաւ 16- ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 100-ի։

Նշենք նեւ թէ` Սուրիոյ մէջ ՄԱԿի մարդասիրական աշխատանքի համակարգող Եաքուպ Հըլու եւ սուրիական ճգնաժամի շրջանային համակարգող Քեւին Քենետի յայտնեցին, որ ՄԱԿը պահանջած է անյապաղ դադար ապահովել Հալէպի շրջանի մարտական գործողութիւններուն՝ գործադրելու համար մարդասիրական գործողութիւն մը, որ պիտի ներառնէ քաղաքի ելեկտրամատակարարման եւ ջրմուղի վնասուած համակարգերու նորոգումը, ինչպէս նաեւ՝ մարդասիրական օգնութեանց մատակարարումը կարիքաւորներուն։

Անոնք նշեցին, որ Հալէպի մէջ առանց լոյսի եւ ջուրի մնացած է աւելի քան երկու միլիոն քաղաքացի: Ըստ անոնց՝ ՄԱԿը կարիքը ունի շաբաթական առնուազն 48 ժամուան զինադադարի, որպէսզի արտօնուի քաղաքին մէջ համալրել պարէնի եւ դեղորայքի սպառող պաշարները:

Մինչ այդ, ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնին մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսէյ Պորոտաւքին յայտնած է, թէ Ժընեւի մէջ կ՛ընթանան Սուրիոյ նուիրուած ռուս-ամերիկեան խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին խորացուած քննարկումի կ՛ենթարկուին Հալէպի խաղաղ բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու հարցերը: Քննարկումը կը վերաբերի նաեւ «մարտական գործողութիւններու դադրեցման եւ ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարին», նշած է դիւանագէտը։

Միւս կողմէ, բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթը կը նշէ, որ սուրիական ընդդիմութիւնը ողջունած է Հալէպի մէջ զինեալ ընդդիմութեան յառաջդիմութիւնը՝ զայն նկատելով «կարեւոր ձեռքբերում մը, երբ միջազգային ընտանիքը ձեռնածալ կը մնայ»։

«Սակայն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերուն դէմ կռուողները զէնքերու եւ այլ սպառազինութիւններու արտաքին մեծաքանակ զօրակցութիւն ստացած են։ Ըստ կարգ մը ըմբոստներու՝ ամերիկացի պաշտօնատարները աչք փակած են Հալէպի մէջ ըմբոստներու յառաջդիմութեան եւ «Ֆաթհ Շամ»ի (նախապէս «Ճապհաթ Նուսրա») մասնակցութեան առջեւ», կը գրէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»։

Միւս կողմէ, «Մայատին» հաղորդած է, թէ Հալէպի պաշարման օղակին մէջ զինեալ խմբաւորումներուն յառաջացուցած ճեղքը կարելի չէ պաշարման խզում նկատել, որովհետեւ այդ ճեղքի լայնքը հազիւ մէկ քիլոմեթր է, եւ զինեալ ընդդիմութեան հետեւակ զօրքերը չեն կրնար այդ ճեղքը օգտագործել, որովհետեւ ամբողջութեամբ կը գտնուի հսկողութեանը տակ Սուրիոյ բանակին, որ իր ուժերը կը կեդրոնացնէ անցքին արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը:

Աւելի ուշ սուրիական բանակը յայտարարեց, որ վերականգնած է արեւելեան Հալէպի պաշարման օղակը՝ զինեալները դուրս մղելով Ռամուսայի ճակատին վրայ անոնց յառաջացուցած ճեղքէն:

Նաեւ, «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները ամրապնդած են Հալէպ քաղաքի հարաւը գտնուող իրենց դիրքերը եւ շղթայազերծած են զինեալներուն դէմ նոր գործողութիւն մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.