2016-08-10 08:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը Քուեթայի անձնասպանական գործողութեան արարքին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի լուր Փաքիստանի Քուեթա քաղաքի հիւանդանոցի դէմ, 8 օգոստոսին տեղի ունեցած անձնասպանական գործողութեան որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ցաւակցական հեռագիր մը յղած է որուն մէջ կը յայտնէ իր խոր ցաւն ու կսկիծը ինչպէս նաեւ մեռեալներու ընտանիքներուն, պետական իշխանութիւններուն ու համայն Փաքիստանի ժողովուրդին կը փոխանցէ իր ցաւակցութիւնները։ Ան նոյնպէս կը վստահեցնէ իր աղօթքները բոլոր այդ բռնութեան անիմաստ ու վայրագ արարքին պատճառաւ վիրաւորեալներուն ու բոլոր սուգի մէջ գտնուող անձերուն ու անոնց որոնք զոհ եղան այս աղէտին կը հայցէ մխիթարութեան ու քաջալերանքի Աստուածային օրհնութիւններ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.