2016-08-10 10:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը ''Մօր մը մխիթարութիւնը'' ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 10 օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն, որուն ընթացքին արտասանած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ղուկասի աւետարանէն քաղուած Նայինի երիտասարդին յարութեան հրաշքին դէպքին վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Ղուկասի աւետարանի հատուածը զոր ունկնդրեցինք մեզի կը ներկայացնէ Յիսուսի մեծ հրաշք մը` երիտասարդի մը յարութիւնը։ Թէեւ այդ պատմուածքին կեդրոնը հրաշքը չէ, այլ Յիսուսին քնքշութիւնն է  այդ պատանիի մօր նկատմամբ - ըսաւ նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ ''Այստեղ ողորմութիւնը կը ստանձնէ գթութեան մեծ անունը­, այրի կնոջ մը նկատմամբ, որ արդեն կորսնցուցած էր իր ամուսինը եւ այժմ իր միակ զաւակին կ՛ընկերանար դէպի գերեզման։

''Մօր մը այդ մեծ ցաւն է որ Յիսուսին գութը կը շարժէ ու զայն կը մղէ յարութեան հրաշքը գործելու'', յայտնեց Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով Ղուկասի պատմուածքը որուն մէջ աւետարանիչը մանրամասնութիւններ կ՛ընծայէ։ Յիսուս գնաց Նային քաղաք։ Երկու խումբեր իրարու կը հանդիպին։ Յիսուս` որուն կ՛ընկերանային աշակերտներն ու հոծ բազմութիւնը որոնք քաղաք կը մտնէին եւ հակառակ ուղղութեամբ այրի կինն ու իր մեռած զաւակը, որուն կ՛ընկերանային բազմաթիւ մարդիկ։ Դրան մօտ այդ երկու խումբերը իրարու կը հանդիպին եւ ահա թէ Ղուկաս աւետարանիչը կը բացայայտէ Յիսուսի զգացումը ''Տէրը տեսաւ մայրը ու գթաց վրան եւ անոր ըսաւ ''Մի լար''։ ''Մօտեցաւ եւ դպաւ դագաղին, զայն շալկողները կանգ առին''։ ''Վսեմ գթութիւն մը կ՛առաջնորդէ Յիսուսին ներգործութիւնները. Ինքն է որ  դպչելով դագաղին կը կանգնեցնէ երթը ու մղուած այդ մօր նկատմամբ խոր ողորմութենէ կ՛որոշէ մահը դիմակայել''  ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու մատնանշեց Յոբելենական տարւոյն ու Սուրբ դուռին, Ողորմութեան դռնէն անցքին, ուխտաւորները հրաւիրելով Նային քաղաքի մուտքին պատահած աւետարանական այս հատուածը մտաբերել` երբ Սուրբ Դուռին տակէն կ՛անցնին։

Երբ Յիսուս տեսաւ այդ մայրը արցունքներուն մէջ, ան մուտք գործեց անոր սրտին մէջ, ըսաւ Սրբազան Պապը։ Սուրբ դռան մօտ մեզմէ ամէն մին կը հասնի` իր ուրախութիւններով, տառապանքներով, իր ծրագիրներով ու ձախողութիւններով, իր վախերով ու կասկածներով, զանոնք ներկայացնելու համար Տիրոջ ողորմութեան, այն վստահութեամբ թէ Սուրբ Դռան մօտ, Տէրը մեզի կը մօտենայ հանդիպելու համար մեզմէ իւրաքանչիւրիս, ու մեզի նուիրելու իր զօրեղ մխիթարիչ խօսքը ''Մի Լար''։

Այդ դուռը դուռն է հանդիպումին ընդմէջ մարդկութեան ցաւին ու Աստուծոյ գթութեան։ Այդ դուռէն անցնելով մենք մեր ուխտագնացութիւնը կը կատարենք Աստուծոյ ողորմութեան մէջ. որ ինչպէս այդ մեռած պատանիին, մեզի կ՛ըսէ ''Քեզի կ՛ըսեմ արթնցիր''։

Յիսուսին զօրեղ խօսքը կարող է մեզ վերականգնեցնել ու մեր մէջ ներգործել անցքը` մահէն դէպի կեանք։ Անոր խօսքը կը վերակենդանացնէ, յոյս կը ներշնչէ, կը մխիթարէ վշտահար սրտերը, ու կեանքի եւ աշխարհի նոր տեսութիւն մը կ՛ընծայէ որ կը գերազանցէ տառապանքն ու մահը. Այդ ողորմութեան դռան վրայ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար արձանագրուած է Աստուծոյ ողորմութեան անսպառ գանձը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու շարունակելով մեկնաբանել աւետարանական հատուածը հաստատեց թէ Յիսուսին խօսքը ունկնդրելով ''մեռելը նստաւ ու սկսաւ խօսիլ։ Յիսուս զայն յանձնեց իր մօր''։ Մայրը վերագտաւ իր զաւակը զայն ընդունելով Յիսուսի ձեռքերէն ու երկրորդ անգամ Մայր դառնալով։ Այսպէս է նաեւ մայր Եկեղեցին, յատկապէս Յոբելեանի ընթացքին, կ՛ընդունի իր զաւակները անոնց մէջ նշմարելով կեանքը` պարգեւուած Աստուծոյ շնորհքով։ Եւ այդ շնորհքին զօրութեամբ է` մկրտութեան շնորհքին, որ Եկեղեցին կը դառնայ մայր ու մեզմէ ամէն մին անոր զաւակը, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց պատմուածքի վերջաբանին ''Ամէնուն վրայ երկիւղ մը իջաւ եւ Աստուծոյ փառք կու տային ու կ՛ըսէին ''Մեծ մարգարէ մը յայտնուած է մեր մէջ եւ Աստուած այցելեց իր ժողովուրդին''։

Յիսուսի ներգործութիւնը, յարեց Սրբազան Քահանայապետը, չի հայիր միայն այրի կնոջ ու անոր զաւկին, Ան կ՛ընթանայ դէպի իր ժողովուրդը, կը յայտնուի ու պիտի շարունակէ յայտնուիլ համայն մարդկութեան։ Նշելով այս Յոբելեանը զոր ուզեցի որ ապրուի ոչ միայն Հռոմի մէջ այլեւ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, կարծես թէ համայն եկեղեցին միաձայն Տիրոջ գովաբանութիւն կը մատուցէ. Այսօր եւս Աստուած իր Եկեղեցին կ՛այցելէ ասոր համար` մօտենալով Ողորմութեան դուռին մեզմէ ամէն մին գիտակից է թէ կը մօտենայ Յիսուսի ողորմած սրտին, արդարեւ Ան է իսկական դուռը որ կը տանի փրկութեան ու մեզի կը պարգեւէ նոր կեանք։ Ողորմութիւնը` ըլլայ Յիսուսին մէջ ըլլայ մեր մէջ, ուղեւորութիւն մըն է որ կը մեկնի սրտէն ու կը հասնի ձեռքերուն,  ողորմութեան ներգործութիւններուն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտելով իր խորհրդածութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած ուխտաւորները, հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն զանոնք խրախուսելով ունկնդրել Յիսուսին խօսքը ու Անոր մէջ գտնել ներքին ուժ ապա Անոր առաքելական նուիրումով ըմբռնել ընտանիքի մէջ քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.