2016-08-10 08:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին առանձնական այցելութիւնները Ռիեթի եւ Աքուիլա։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 9 օգոստոս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ այցելութիւն տուաւ Իտալիոյ երկու իգական կրօնաւորական միաբանութիւններու վանք, որոնք կը գտնուին Լացիօ եւ Ապրուցցօ նահանգներուն մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը առանձնական այցելութիւն տուաւ Աքուիլայի մարզին մէջ գտնուող Քարսոլի քաղաքի ''Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Դէմքին'' Պենետիկթեան ուխտի միաբանութեան քոյրերուն վանքը ապա Լացիօ նահանգի մէջ գտնուղ Ռիեթի քաղաքին Ֆրանչիսկեան Քոյրերու մէկ վանքը։ Նորին Սրբութեան ընկերացաւ Ռիեթի թեմին առաջնորդը գերապայծառ Տոմենիքօ Փոմփիլի։








All the contents on this site are copyrighted ©.