2016-08-10 11:08:00

ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները համակարգիչներն ու փաստաթուղթերը Մուսուլէն կը տեղափոխեն Նինուէ


ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները սկսած են իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող Մուսուլէն Իրաքի Նինուէ նահանգ տեղափոխել համակարգիչներն ու փաստաթուղթերը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Shafaknews-ը։

Զինեալները Մուսուլէն Սուրիոյ Ռաքքա քաղաք տեղափոխած են համակարգիչներ եւ զինեալներու եւ խմբաւորման կողմէ ահաբեկչական գործողութիւններու կատարման ծրագիրներու մասին տուեալներ պարունակող թղթածրարներ:

Աղբիւրը նշած է, որ խմբաւորումը նաեւ փոխած է Մուսուլի մէջ քանի մը կեդրոններու վայրը, երբ Իրաքի եւ Միջազգային դաշինքի օդուժը ոչնչացուցած է խմբաւորման ականաւոր հրամանատարները:








All the contents on this site are copyrighted ©.