2016-08-09 08:22:00

Փաքիստանի մէջ ականահարուեցաւ Քուեթայի հիւանդանոցը


Երկուշաբթի 8 օգոստոս 2016-ին Փաքիստանի Քուեթա քաղաքի հիւանդանոցի ականահարումին պատճառով արձանագրուեցաւ առնուազն 40 զոհ եւ 50 վիրաւոր:

Պայթումը տեղի ունեցաւ Պելուջիստանի Փաստաբաններու ընկերակցութեան նախկին նախագահ Պիլալ Անուար Քասիի սպանութենէն քանի մը ժամ ետք:

Վերջինիս դիակը տեղափոխուած էր հիւանդանոց: Պայթումը տեղի ունեցաւ անոր գործընկերներուն, ծանօթներուն, ինչպէս նաեւ լրագրողներու հիւանդանոց հասնելէն ետք:

Ոստիկանութեան տուեալներով` պայթումէն ետք անծանօթ զինեալ մը կրակ բացած է: Անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները պաշարած են հիւանդանոցի տարածքը:

Փաքիստանի իշխանութիւնները շրջանին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.