2016-08-09 08:00:00

Edith Stein- Խաչեցեալի՝ Սրբուհի Թէրէզա Պէնէտէթթայի տօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի՝ 9  Օգոստոսին 2016, Edith Stein-ի, Խաչեցեալի՝  Սրբուհի Թէրէզա Պէնէտէթթայի Տօնն է։ Ան պաշտպան սուրբն է  Եւրոպայի(ըստ լատինաց) ։

Սրբուհին  Ծնած էր Պրէսլավիա  12 Հոկտեմբեր  1891-ին՝   հրեայ  ծնողներէ։ Քրիստոնէական կրօնքը ընդգրկելէ ետք,  ան կը մտնէ  Կարմեղեան միաբանութեան քոյրերու վանքը։

Էտիթ Շթայն կրօնաւորուհին նաեւ՝ Փիլիսոփայ մըն էր,  Նացցիներու կողմէ ձերբակալուեցաւ, կրեց  երկրորդ աշխարհամարտի տխրահռչակ շրջանը, առանց սակայն կորսնցնելու իր յոյսը ՜՜Կեանքի ու Սիրոյ Աստուծոյ՝՝ վրայ։

Նահատակուեցաւ Աուշվիցի մէջ, 9 օգոստոս 1942-ին. (74 տարի առաջ)։

Սուրբ ՅՊԲ՝  քահանայապետը, զինք խորաններու պատուոյն  բարձրացուց 1998-ին,  եւ մէկ տարի ետք ալ՝ զինք Եւորպայի Պաշտպան Սուրբ  հռչակեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.