2016-08-08 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 7 եւ 8 օգոստոսի թուիթները։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 7 օգոստոս 2016-ին, Քահանայապետական  թուիթէրեան @pontifex  կայքին վրայ հրապարակուեցաւ թուիթ մը որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւէր ուղղեց` ատելութեան ու կործանումի արարքներուն դիմաց կատարել բարի գործեր։

''Ատելութեան ու կործանումի արարքներուն դիմադրենք բարի գործերով։ Կ՛ապրինք տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու ընկերութեան մը մէջ, սակայն ամէնքս եղբայրներ ենք'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը 7 օգոստոսին հրապարակած թուիթին մէջ մինչ Երկուշաբթի` 8 օգոստոսին  հրապարակած թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ''Երբ ընտանիքի մը մէջ երկխօսութիւն կայ, լարուածութիւնները բարի աւարտ կ՛ունենան''








All the contents on this site are copyrighted ©.