Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէի մէջ յորդառատ անձրեւներուն պատճառով արձանագրուեցաւ 20 զոհ: Զոհերուն դիակները յայտնաբերուեցան կիրակի առաւօտեան` փոթորիկին աւարտէն ետք:
Զոհերէն ոմանք խեղդամահ եղան իրենց ինքնաշարժներուն մէջ: Շատերու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: Ջուրերը խուժեցին մայրաքաղաքի ճամբաներուն մէկ մասը` ինքնաշարժները իրենց հետ տանելով դաշտերը:
Փոթորիկի ընթացքին 93 մմ անձրեւ տեղացած է Սքոփիէի մէջ, ինչ որ ամբողջ օգոստոս ամսուան միջինէն աւելի է: Ջուրին բարձրութիւնը կարգ մը շրջաններու մէջ հասաւ 1,5 մեթրի:
Բազմաթիւ տուներ կը շարունակեն ողողուած եւ ելեկտրականութենէ զուրկ մնալ:
Տեղւոյն լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ հիւանդատար մեքենաները 65 անգամ կանչուած են եւ աւելի քան 20 անձեր հիւանդանոցի մէջ դարմանումի ենթարկուած: Տիրող կացութեան մէջ իշխանութիւնները դիմած են բանակի օժանդակութեան:
Երկրին հիւսիս-արեւելքը գտնուող երեք գիւղեր հողի սահանքներու պատճառով մեկուսացուած են:
Երէկ գիշեր Սքոփիէի մէջ յաւելեալ անձրեւներ նախատեսուած էին:
All the contents on this site are copyrighted ©. |