2016-08-08 11:53:00

Լահհամ Պատրիարքը նախագահեց Քաայի նահատակներուն հոգեհանգստեան արարողութեան։


Նախագահութեամբ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին, Քաա գիւղաքաղաքին մէջ երէկ շրջանի նահատակներու քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ:

Լահհամ պատրիարքը մխիթարութիւն մաղթեց նահատակներու հարազատներուն` շեշտելով, որ անոնք Քաայի եւ Լիբանանի խորհրդանիշներն են:

Լահհամ պատրիարքը բարձր գնահատեց   լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր` շեշտելով, որ բանակը կը պահպանէ երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Լահհամ պատրիարքը կոչ ուղղեց համաշխարհային զօրակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ տապալել ամբողջ աշխարհին սպառնացող ահաբեկչութիւնը:

Այս առիթով Քաայի բնակիչներուն կողմէ խօսք մը արտասանեց Թոնի Ուեհպէ, որ պահանջեց Քաան հարուածած ահաբեկչութեան շուրջ հետաքննութիւն բանալ եւ այդ թղթածրարը փոխանցել Արդարութեան խորհուրդին, որպէսզի այդ հարցը չքաղաքականացուի:

Քաայի քաղաքապետ Պաշիր Մաթար հաստատեց, որ շրջանին բնակչութիւնը կառչած կը մնայ իր հողին եւ ազատութեան:

«Քաան ահաբեկչութենէն չի վախնար, ընդհակառակն` բանակին ներկայութիւնը կը պաշտպանէ շրջանը», ըսաւ ան` պահանջելով, որ Քաան վերածուի զինուորական գօտիի եւ Մաշարիհ Քաայի մէջ հաստատուի լիբանանեան բանակի զօրանոց մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.