2016-08-06 08:32:00

Պոկոթայի մէջ կը նշուի Լատին Ամերիկայի Եկեղեցւոյ Ողորմութեան Յոբելեանը։


(Ռատիօ Վատիկան) 27-31 օգոստոս 2016-ին Քոլոմպիայի մայրաքաղաք` Պոկոթայի մէջ պիտի նշուի Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան կղզիներու Եկեղեցւոյ Ողորմութեան Յոբելեանը, որ կազմակերպուած է Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին ու Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնաժողովի համագործակցութեամբ եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լատին Ամերիկայի 22 երկիրներէ ժամանած եպիսկոպոսներ, կրօնաւոր միաբանութիւններու մեծաւորներ, քահանաներ եւ աշխարհական հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռէն պատուիրակներ։ 

Վերոյիշեալ ձեռնարկին նպատակակէտն է այս Յոբելեանը ոգեւորող  ''Ողորմութեան Հոգին'' դարձնել շօշափելի օգնութիւն, յատկապէս անոնց որոնք կ՛ապրին ''գոյութենական արուարձաններուն մէջ''։

Այս առթիւ Քահանայապետը խրախուսած է Լատին Ամերիկայի Եկեղեցին, այնպէս ընելու որ ողորմութիւնը չ՛ըլլայ լոկ խօսքերով պատգամ մը, այլ թարգմանուի կարիքաւորներուն ի սպաս օգնութեան ներգործութիւններու։ Ասոր համար համայն ցամաքամասը կոչուած է միանալու այն աղքատի ձայնին որ մեզի կոչ կ՛ուղղէ աւելին ընելու եւ օգնելու անոնց որոնք դիւրաբեկ ու անբարենպաստ կեանք կ՛ապրին։

Այս առթիւ կազմակերպուած է նաեւ երեք օր տեւող խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին խորհրդածութիւններ ու քննարկումներ պիտի կատարուին ողորմութեան նիւթին շուրջ, ապա մասնակիցներուն առիթ պիտի ընծայուի այցելել թշուառութեան մէջ ապրող ընտանիքներ ու անհատներ ինչպէս նաեւ բարեսիրական հաստատութիւններու կեդրոններ։

Յոբելենական օրերը սկիզբ կ՛առնեն Պոկոթայի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած հանդիսաւոր սուրբ պատարագով ու կ՛եզրափակուին ''Լա Քալերայի'' հրաշագործ ''Փորցիունքոլա'' մարտան մէջ որ է խորհրդանիշը, Սուրբ Ֆրանչիսկոսին` աղքատներու սուրբին։ 

Այս առթիւ հրապարակուած լսատեսողական պատգամի մը մէջ գերապայծառ Սփինոզա բոլոր թեմերը­, ժողովրդապետութիւններն, ու եկեղեցական հասարակութիւնները կը հրաւիրէ հոգեպէս միանալու այդ աղօթքի ձեռնարկին ու նաեւ կատարելու ողորմութեան ներգործութիւններ, ընդգծելով թէ ''ողորմութեան շնորհքը պէտք է ըլլայ մեր եկեղեցական գործունէութեան կեդրոնը եւ ասոր համար այս պահը ապրելու ենք որպէս շնորհքի եւ ապաշխարութեան պահ, ըլլայ անձնական, ըլլայ եկեղեցւոյ հովուական եւ միսիոներական գետնի վրայ եւ ըլլայ որպէս ծառայութիւն բոլոր ազգերու։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.